Ռուսիոյ Ազգային պահակագունդի մասնայատուկ ուժերը Խերսոնի մէջ ուքրանացի հրամանատար Վիաչեսլաւ Սաւչենքոյի տան մէջ յայտնաբերած են փաստաթուղթեր, որոնք կ՛ապացուցեն, թէ ԵԱՀԿ-ը կապի մէջ է ուքրանական գաղտնի սպասարկութեան հետ: Փաստաթուղթերէն նաեւ ի յայտ կու գայ, թէ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան ներկայացուցիչները գտնուած են Խերսոնի մէջ եւ Սաւչենքոյի անձնական հոգատարութիւնը վայելած են:
Ականատեսներ նաեւ յայտնած են. «Կազմակերպութեան պաշտօնեաները կանոնաւոր կերպով կ՛այցելէին նշեալ պալատը»:
Այս փաստաթուղթերուն մէջ նաեւ յայտնաբերուած են Խրիմի, Ռոսթովի, Սմոլենսքի, Պելկորոտի եւ Վորոնեժի մէջ ռուսական ստորաբաժանումներու տեղակայման վայրերու ձեռագիր յատակագիծեր: Ռուսական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ ատիկա «անգամ մը եւս փաստեց առաքելութեան` ուքրանական անվտանգութեան մարմինի եւ ՕԹԱՆ-ի կարգ մը երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւններու հաշուոյն տեղեկահաւաքի գործունէութիւն ծաւալելը»: