Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով նշեց, որ Ուաշինկթըն անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ Մոսկուայի առաջարկներուն տակաւին որեւէ հակազդեցութիւն չցուցաբերեց, եւ ռուսական կողմը կը շարունակէ պատասխանի սպասել:
«Մինչեւ հիմա միայն որոշ հրապարակային յայտարարութիւններ կը տեսնենք, եւ անոնց մեծամասնութիւնը Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն կողմէ չէ, սակայն ատիկա եւս իր արժէքը ունի: Անշուշտ կարեւորը այն է, թէ Ուաշինկթըն մեզի ի՛նչ պիտի ըսէ», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:
«Ռուսիոյ կեցուածքը այն է, որ անվտանգութեան երաշխիքներուն շուրջ հաղորդակցութիւնները պէտք է Միացեալ Նահանգներու հետ երկկողմանի ձեւաչափով ըլլան», ըսաւ Ռիապքով:
«Բացառուած է, որ Ուաշինկթըն անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ բանակցութիւններէն հրաժարի, սակայն պիտի փորձէ անոնց վերաբերեալ նախապայմաններ ճշդել եւ հոլովոյթը երկարաձգել», ըսաւ ան:
«Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները պիտի բարելաւուին, եթէ Ուաշինկթըն անվտանգութեան երաշխիքներուն շուրջ բանակցութիւններուն սկսի», ընդգծեց Ռիապքով: