Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները Ուաշինկթընի մեղքով խզման եզրին են: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները ապագային ո՞ր գիծը կ՛ընտրեն:
«Երէկ ամերիկացի դեսպանին յանձնուած է բողոքագիր մը, որուն մէջ կը նշուի, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, յարաբերութիւնները խզելու եզրին է: Անգամ մը եւս կը շեշտեմ, որ խնդիրը այն գիծն է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի ընտրէ», լրագրողներուն ըսաւ Ռիապքով:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի ուզէր պահպանել Ռուսիոյ հետ փոխադարձ դիւանագիտական ներկայութիւնը եւ բաց պահել խորհրդակցութեան ուղիները:
«Մենք կը կարծենք, որ կարեւոր է բաց պահել Ռուսիոյ հետ կապի ուղիները», ըսաւ ան:
Փրայս աւելցուց, որ ատիկա առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի «լարուածութեան եւ տագնապներու ժամանակ»: Ան ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են բաց պահելու հաղորդակցութեան ուղիները եւ պահպանելու Մոսկուայի մէջ դիւանագիտական ներկայութիւնը:
«Մենք նաեւ հաւատարիմ ենք Միացեալ Նահանգներու մէջ ռուսական դիւանագիտական ներկայութեան պահպանման», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Փրայս նախապէս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պատրաստ են Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան մեղմացման պարագային մեղմացնելու Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Ան աւելցուցած էր, որ պատժամիջոցները կրնան խստացուիլ, եթէ Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը վատթարանայ: