ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ ՉԿԱՆ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Երկուշաբթի գիշեր ստորագրեց արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնպաս շրջանի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն` Տոնեցքի եւ Լուկանսքի, անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները:
Փութինը եւ Տոնպասի երկու ինքնահռչակ հանրապետութիւններուն ղեկավարները կնքեցին բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան համաձայնագիրներ, որոնց մէջ Մոսկուա ռազմական աջակցութիւն կը խոստանայ:
Երեքշաբթի օր, Ռուսիոյ խորհրդարանը վաւերացնել Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններուն անկախութիւնը ճանչնալու հրամանագիրները:
Փութինի հրահանգով, ռուսական զօրքը սկսաւ «Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն մէջ խաղաղութիւն ապահովելու առաքելութիւն իրականացնել»:
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, թէ Ուքրանիոյ սահմաններ չեն փոխուած, հակառակ նշեալ քայլերուն: Ան ՄԱԿին դիմեց, որ այս հարցով Ապահովութեան խորհուրի արտակարգ նիստ գումարէ։
Սպիտակ տունը խստօրէն դատապարտեց Մոսկուայի որոշումը, իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութիւնն ու անոր դաշնակիցները միասնական եւ խիստ կերպով պիտի հակադարձեն Փութինի որոշումին: Անգարա եւս «անընդունելի» որակեց Ռուսիոյ քայլը։
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ Հայերու միութեան Տոնեցքի մարզի ներկայացուցիչ Ռուբէն Մակարեան յայտարարեց, թէ Տոնպասի հակամարտութեան գօտիին մէջ ապրող հայերուն մէջ զոհեր կամ վիրաւորներ չկան, ակնարկելով վերջին քանի մը օրերուն շրջանին մէջ արձանագրուած զինեալ ընդհարումներուն: Ան շեշտեց, թէ Ուքրանիոյ հայ համայնքը նախապատրաստած է հայերը հեռացնելու ծրագիր, եթէ լայնածաւալ մարտական գործողութիւններ սկսին։