ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Յուլիս 2020ին, Ռուսիոյ մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններ ստորագրեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնան հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին։
Յայտարարութիւնը ստորագրած կազմակերպութիւններն են՝ «ԱՐՄՌՈՍՍ» իրաւաբաններու ռուս-հայկական միութիւնը, «Նոյ» մանկական կեդրոն» կրթական կազմակերպութիւնը, Ս. Փեթերսպուրկի հայկական ազգային-մշակութային ինքնավարութիւնը, Զելենոկրատի հայկական համայնքը, «Աշխարհի հայեր»ը, «Հայաստանի զրուցակից» ամսագիրը, Ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը, «Հայասա» մշակութային-լուսաւորչական միութիւնը, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, Բալաշիխայի հայերու ազգային-մշակութային ինքնավարութիւնը, ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակը, «Ռուսիոյ ջաւախքեան սփիւռք» կազմակերպութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Մոսկուայի ՀՄԸՄը, Ռուսիոյ հայերու միութիւնը, «Ռուս-հայկական եւ հասարակական նախաձեռնութիւններու աջակցութեան կեդրոն» կազմակերպութիւնը, «Ռուս-արցախեան բարեկամութեան ընկերակցութիւն» կազմակերպութիւնը, «Արարատ» հայկական մշակութային-լուսաւորչական ընկերակցութիւն»ը, «Հայոց ցեղասպանութիւնը Ատրպէյճանի մէջ»ը, «Ռուսիա-Հայաստան. ինֆօ»ն, «Miaban.ru»ը, AGA-Tribunal.info-ն եւ «Rossia-Artsakh.ru» կայքերու խմբագրութիւնները, «ԱրմՊետերբուրգ» ընկերային ցանցեր ընկերակցութիւնը, «Մոնթէ» մարմնակրթական ակումբը, «Դէպի Արարատ» միութիւնը եւ «Տիր» հայագիտական կեդրոնը:
Յայտարարութեան սկիզբը կը ներկայացուի 12 Յուլիս 2020ին, Հայաստանի հիւսիսային սահմանի երկայնքով Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումը, որուն ընթացքին օգտագործուեցան ծանր զինուորական սարքեր, հրետանի եւ անօդաչու թռչող սարքեր` ռմբակոծելով ոչ միայն Հայաստանի սահմանային դիրքերը, այլ նաեւ Բերդ, Այգեպար, Չինարի բնակավայրերը, որ յանգեցուց մարդկային զոհերու:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ յարձակողական գործողութիւններու ծաւալը եւ տարողութիւնը, գործի դրուած զինուորական սարքերը ու կենդանի ուժի թիւը, նաեւ ատրպէյճանական եւ թրքական իշխանութիւններուն աննախադէպ լիրբ յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ յուլիսեան իրադարձութիւնները նախապէս ծրագրուած ռազմական գործողութիւններ են, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան միջազգային իրաւունքի չափանիշերու կոպիտ խախտումներ:
«Հայաստանի զինուած ուժերու արժանի պատասխանէն եւ բազմաթիւ կորուստներէ ետք միայն Ատրպէյճանի ղեկավարութեան պարզ դարձաւ, որ ռազմական գործողութիւններով եւ սադրանքներու միջոցով անկարելի է հասնիլ որեւէ արդիւնքի, բացի տարածքային կորուստներէ», դիտել կը տուի յայտարարութեան մէջ։
Ռուսիոյ հայ հասարակութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Ատրպէյճանի յարձակողական մտադրութիւնները զսպող կոշտ միջոցներ կիրարկելը՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման համար, նաեւ զինադադարի դրութեան վերահսկողութեան միջազգային կառուցակազմեր մշակելը։
«Զինուորական յարձակումներու զուգահեռ, ատրպէյճանական կողմը այժմ սադրիչ գործողութիւններ կ՛իրականացնէ Ռուսիոյ ինքնիշխան տարածքին մէջ, մասնաւորապես` արգիլելով հայկական ապրանքներու վաճառքը շուկայի տարբեր` իրենց ենթակայ հատուածներուն մէջ, ինչ որ, ըստ էութեան, ազգային յատկանիշներով տնտեսական խտրականութիւն է:
«Նոյն իրավիճակի մէջ գտնուող Ս. Փեթերսպուրկի վարչակազմին եւ հայ համայնքին համագործակցութեամբ, գործնական ձեւով միջոցներ ձեռնարկուած եւ արդիւնաւէտ որոշումներ տրուած են: Սակայն այդ դրական օրինակը կրնայ անբաւարար ըլլալ. հարցին արմատները աւելի խոր են, եւ եղածը կրկնայ կրկնուիլ տակաւին Ռուսիոյ որեւէ քաղաքի եւ տարածաշրջանի մէջ: Անհրաժեշտ է անիկա արմատապէս ու ժամանակին կանխել` չկրկնելոու համար անցեալի աղէտալի սխալները, խուսափելու անվերադառնալի կէտերէ, որոնցմէ սկսած են Սումկայիթը, Կիրովապատը, Պաքուն: Արդեօք անոր վկայութիւնը չե՞ն 23 Յուլիսին Մոսկուայի մէջ ատրպէյճանական համայնքի արմատական ծայրայեղական աւազակախումբերու կողմէ հայ անհատներու հետ հաշուեյարդարներու տեսարանները: Այդ ահաբեկիչները հպարտութեամբ համապատասխան կոչով տեսանիւթերը տեղադրած են համացանցի վրայ, իսկ անոնց հայրենակիցները Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ դրօշները բարձրացուցած, հրապարակաւ աջակցեցան` հայերու հասցէին սպառնալիքներուն:
«Որովհետեւ Ատրպէյճանցի արմատականներու այսպիսի ծայրայեղական վարքագիծը տարբեր քաղաքներու մէջ ուղղակի սպառնալիք է Ռուսիոյ տնտեսական, իրաւական եւ ազգամիջեան անվտանգութեան՝
– Մէկ կողմէ` կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն` չենթարկուելու սադրանքներու, աչալուրջ ըլլալու եւ անմիջապէս տեղեկացնելու մեզ ու իրաւապահ մարմինները արմատականներու նոր գործողութիւններու վերաբերեալ փոքր կասկած ունենալու պարագային իսկ.
– միւս կողմէ` կը պահանջենք իշխանութիւններէն` արդարացի ու անկողմնակալ հրապարակային գնահատական տալու ազգամիջեան երկպառակութեան դրսեւորման, Ռուսիոյ ինքնիշխանութեան, իրաւակարգի ու անվտանգութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու բացայայտ փաստերուն` խիստ պատասխանատուութեան ենթարկելով օտար պատուիրատուները, գործակալները, սադրիչները եւ կատարողները», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը: