ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դիւանագէտները 18 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ դիտել տալով, որ այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Ռուսական կողմէ հանդիպումը պիտի վարէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններու գծով դեսպան Իկոր Փոփով», նշեց Զախարովան:
Աւելի կանուխ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնած էր, որ 18 Նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով: