ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց Ղարաբաղի մէջ զինադադարի խախտման նոր դէպքի մը մասին:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան՝ 16 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 9ին, Շուշիի մէջ «Լեռնային Ղարաբաղի զինուած խմբաւորումներու եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն միջեւ արձանագրուեցաւ փոխհրաձգութիւն, որ շարունակուեցաւ շուրջ 15 վայրկեան: Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան աջակցութեամբ միջադէպը հարթուեցաւ. տուժածներ չկան»:
Հաղորդագրութիւնը, սակայն, չի յստակեցներ, թէ ո՛ր կողմն է առաջինը խախտած հրադադարը:
Ղարաբաղի մէջ 9 Նոյեմբերէն հաստատուած զինադադարի խախտման մասին ռուսական կողմը հաղորդեց նաեւ անցած շաբաթ․ նախորդ հաղորդագրութեան մէջ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արձանագրած էր, որ Ատրպէյճանի զինուժը հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրարկեց Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ:
«Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հաւանական միջադէպերը կանխելու ուղղութեամբ համակարգուած աշխատանքներ կը տարուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան հետ», կը յայտարարէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: