«ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխոյժ կերպով կ’աշխատի կայունացնելու Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը:
«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի շուտափոյթ կայունացման ուղղութեամբ». հաղորդեց «ԹԱՍՍ»:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյքու տարբեր երկիրներու եւ գործընկերներու հետ խորհրդակցութիւններ կ’ունենայ.« Այդ աշխատանքին գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումն է եւ հակամարտութեան կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու վերսկսումը». ընդգծեց նախարարութիւնը:
Նշենք, թէ երէկ Շոյկու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին հետ: Թրքական աբիւրներու համաձան, վերջինս կը մնայ անդրդուելի: