ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով, Ժան-Իւ Լը Տրիան եւ Հայքօ Մաաս, հեռաձայնային զրոյց ունեցան եւ շարք մը այլ հարցերու կողքին քննարկեցին նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակը ու Արցախի հարցը, ինչպէս նաեւ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ ընթացիկ տարուան 11 Յունուարի եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներուն իրականացման գործընթացը:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ երեք երկրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները ընդգծեցին հրադադարը խստօրէն պահպանելու կարեւորութիւնը եւ ծագած տարաձայնութիւնները քաղաքական ու դիւանագիտական ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Նախարարները հաստատեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացին մէջ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի դերակատարութիւնը:
Ռուսական կողմը նաեւ կը նշէ, որ միջազգային որեւէ այլ կազմակերպութեան ներգրաւումը գործընթացին կարելի է միայն Երեւանի եւ Պաքուի համաձայնութեամբ: