ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- «Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն բանակցութիւններուն ընթացքին Ղարաբաղի մէջ ռուս-թրքական խաղաղապահ առաքելութիւն մը տեղադրելու մասին խօսք չէ եղած», 11 Նոյեմբերին յայտարարեց Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով:
«Համագործակցութեան դաշտը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ եւ ոչ թէ Ղարաբաղի եւ խօսքը հսկողութեան կեդրոնի մը մասին է», աւելցուց ան: