ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիա հաստատակամ է՝ շարունակելու խաղաղապահ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին յայտնեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով:
«Մեր խաղաղապահները ամէն ինչ պիտի ընեն, որ լուծեն մնացած հարցերը` շփման յստակ գիծի ճշդումով, անոր անցնելու հարցով փոխշահաւէտ պայմանաւորուածութիւններու ապահովման հետ», յայտնեց Լաւրով:
Լաւրով Երեւանի մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ քննարկեց յատկապէս ղարաբաղեան հարցը եւ տարածաշրջանի ապաշրջափակման հարցը: Հայկական կողմին հետ բանակցութիւններէն ետք ան պիտի այցելէ Պաքու։