ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախցի ուխտաւորներ եւ տեղւոյն բնակիչներ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինուորներու ընկերակցութեամբ՝ այցելեցին Ամարասի եւ Գանձասարի վանքերը:
Լուրը հաղորդեցին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Ուխտաւորները հաւաքուեցան Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ, ուրկէ, ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ, 74 հոգինոց շարասիւն մը ուղեւորուեցաւ Ամարասի վանքը, իսկ 98 հոգինոց երկրորդ շարասիւնը` Գանձասար։ Մատուցուած Ս. պատարագներէն ետք, դարձեալ ռուսերուն ընկերակցութեամբ, ուխտաւորները վերադարձան Ստեփանակերտ։