ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԱՐՏԱՇԷՍ
Համիտեան ռեժիմին խստութիւնը պատճառ դարձած է, որ Ռ. Զարդարեան դիմէ զանազան ծածկանուններու։ Զանոնք սովորաբար գործածած է Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն դուրս լոյս տեսած հայ մամուլին մէջ։ Անոնք ընդգրկած են ե՛ւ գեղարուեստական, ե՛ւ հրապարակագրական նիւթեր։ Այդ ծածկանուններուն ամբողջութիւնը ցարդ մնացած է անյայտ։ Նոյնիսկ կարգ մը ծանօթ ծածկանուններու գործածութեան տարեթիւերն ալ սխալ տրուած են։
Մենք պիտի փորձենք տալ ծածկանուններու ամբողջ ցանկ մը եւ որոշ լոյս սփռել անոնց գործածութեան տարեթիւերուն վրայ։
Աչք Եհովայի . – Այս ծածկանունին մասին տոքթ. Նշան Տ. Ս. Թաշճեան կը գրէ. «1911-ի աշունէն սկսած Հայրենիքի ընթերցողները հաճոյքը կ՚ունենան վայելելու «Աչք Եհովայի» (Ռ. Զարդարեան) գրութիւնները Պոլսէն՝ իբրեւ մնայուն թղթակից» («Հայրենիք եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Ամերիկայի մէջ», Հայրենիք ամսագիր, Ա. տարի, թ. 7 (1923, Մայիս), էջ 15)։
Ասլան. – Կուսակցական ծածկանուն։ Ռ. Զարդարեան եղած է Խարբերդի Հ. Յ. Դ. Կոմիտէի քարտուղար եւ կուսակցական թղթակցութիւնը կատարած է Ասլան ծածկանունով։ Գործածած է 1898-էն սկսեալ։ (Տե՛ս Նամականիի բաժինը)։
Բաբգէն. – Ռ. Զարդարեան՝ Արշակ Չօպանեանին ուղղուած 1895 Մայիս 4 թուակիր նամակին կը կցէ քանի մը ոտանաւորներ, Ծաղիկ ի մէջ լոյս ընծայուելու նպատակով։ Այս ծածկանունով քերթուածներ չեն տպուած 1895-ի Ծաղիկ ին մէջ։ Չօպանեան զանոնք պիտի տպէ Անահիտ ի Բ. շրջանի թիւերուն մէջ Ռ. Զարդարեանի անունով։
Զարդար. – Այս ծածկանունով հեռագիր մը ուղղած է Ռ. Զարդարեան՝ Ռազմիկ ի խմբագրութեան անունով՝ Ատանայի եղեռնին հայ նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւններու նախագահ՝ գերշ. Մուշեղ եպս. Սերոբեանի ( Արեւելք օրաթերթ, 25-րդ տարի, թ. 6856 (24 Յուլիս, 1908), էջ 3)։
Զարման. – Այս ծածկանունով՝ Խարբերդէն թղթակցութիւններ ուղարկած է Պոսթընի Հայրենիք շաբաթաթերթին։ Կը յիշատակէ տոքթ. Նշան Տ. Ս. Թաշճեան, որ եղած է 1907-1909 վերոյիշեալ թերթին խմբագիրը։ Յստակ տարի չի նշեր, սակայն կ՚ենթադրենք որ պէտք է ըլլայ 1900-էն սկսեալ։ Մինչեւ ե՞րբ շարունակուած է, անյայտ է մեզի։ (Տե՛ս «Հայրենիք եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Ամերիկայի մէջ», Հայրենիք ամսագիր, Ա. տարի, թ. 7 (1923, Մայիս), էջ 6)։
Էժտահար. – Այս ծածկանունով լոյս ընծայած է յօդուածներ Ֆիլիպէի մէջ (Պուլկարիա) իր խմբագրած եռօրեայ Ռազմիկին մէջ (1905-1909) եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ լոյս տեսած՝ Վահան Թէքէեանի եւ Միքայէլ Կիւրճեանի Շիրակ ամսաթերթին մէջ (1905)։
Հայ Աքսորականը. – Այս ծածկանունով լոյս ընծայած է Ֆիլիպէի (Պուլկարիա) մէջ՝ Առիւծին ժանիքէն (Բանտարկեալի մը յիշատակարանէն) գրքոյկը (տպ. Ռազմիկ ի, 1906, 52 էջ)։
Հրաչ. – Այս ծածկանունով լոյս ընծայած է «Հայրենի երգեր», եւ «Ճախարակի քերթուածը» գրութիւնները Ա. Չօպանեանի Անահիտ ին մէջ (Ա. տարի, թ. 2 (1898, Դեկտ. ), էջ 71. եւ թ. 5-6, Մարտ-Ապրիլ, 1899, էջ 174-175)։ Ծածկանունին յայտնութիւնը կ՚ընէ Ա. Չօպանեան (Անահիտ, ԺԲ. տարի, թ. 7-8, Յուլիս-Օգոստոս 1911, էջ 196)։
Հրաչեայ. – Այս ծածկանունը կը յիշատակեն Թէոդիկ, Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի (Պոլիս, 1919), էջ 14 եւ Գաբրիէլ Լազեան, Յեղափոխական դէմքեր, (Գահիրէ, տպ. Նուպար, 1945), էջ 210։ Այս ծածկանունով որեւէ գրութեան չհանդիպեցանք։