ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջին շաբաթուան ընթացքին ատրպէյճանական կողմը երկու անգամ դիմեց Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութեան վերականգնման դէմ սադրանքներու: Այդ մասին հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ մանրամասնելով, որ 25 եւ 29 Մարտ 2021ին ատրպէյճանական կողմը քարկոծեց Կարմիր Շուկայ – Ստեփանակերտ եւ Ստեփանակերտ-Գորիս ճամբաներով երթեւեկող քաղաքացիներու ինքնաշարժները։
Ընդ որում, երկրորդ պարագային, յարձակման ենթարկուեցաւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկիչներու ռազմական յարձակումներուն ընթացքին զոհուածներու մասունքները տեղափոխող ինքնաշարժը:
Նախարարութիւնը կը նշէ, որ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան դէմ ուղղուած այսպիսի սադրանքներ կը վկայեն, որ Պաքու չի վերահսկեր Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող ատրպէյճանական զօրամիաւորումներուն կամ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կանխամտածուած եւ նպատակաուղղուած կերպով կը վըանգեն տարածաշրջանին կայունութիւնը եւ Ռուսիոյ կողմէ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւնը:
«Այս կապակցութեամբ անհրաժեշտ ենք համարում ընդգծել, որ այդ միջադէպերը նաեւ հետեւանք են Արցախի գրաւուած տարածքներում ադրբեջանական զօրամիաւորումների եւ Ադրբեջանի ու Թուրքիայի հովանաւորութեան ներքոյ գտնուող միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումների ապօրինի ներկայութեան: Նման կարգի սադրիչ գործողութիւնները պէտք է կանխուեն ամենավճռական ձեւով, իսկ կազմակերպիչներն ու մասնակիցները` կրեն համապատասխան պատիժ: Անպատժելիութիւնն ու անգործութիւնը յղի են անկանխատեսելի հետեւանքներով տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: