Եգիպտոսի եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Մոհամէտ Սալահ շահեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի համակիրներուն «Տարուան ֆութպոլիստ»ը մրցանակը: 29-ամեայ ֆութպոլիստը ապահովեց ձայներուն 61 առ հարիւրը: Սալահ անցեալ տարի նոյնպէս շահած էր համանուն մրցանակը: Սալահ, 2021 մարզական տարեշրջանի Փըրըմիէր Լիկ-ի ախոյեանութեան գծով ցարդ կատարած 40 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 24 կոլ: