Քիչ առաջ, «Սահակեանի Համար, Դէպի Արարատ» արշաւախումբի ղեկավար, Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէն Նազօ Ճէրէճեան մեզի հաղորդեց, թէ արշաւախումբը կը մօտենայ Սրբազան Լերան եւ կը գտնուի 4200 մեթր բարձրութեան վրայ: Ուղեւորութեան անդամները ներկայիս կը լարեն իրենց վրանները՝ հանգստանալու: Սկզբունքով վաղը՝ Երեքշաբթի, արշաւախումբը պիտի բարձրանայ Արարատ լերան գագաթը:
Մնացէք yerepouni-news.com կայքէջին հետ, իրազեկ դառնալու ուղեւորութեան մանրամասնութիւններուն: