ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 9 Յուլիսին, Սահմանադրական դատարանը քննեց քաղաքական 4 ուժերու դիմումները, որոնք կը վիճարկեն Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները: Այդ ուժերն են՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք» եւ «Հայոց հայրենիք» կուսակցութիւնները:
Նոյն օրը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան Սահմանադրական դատարանին մօտ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ առնուազն այս փուլին չափազանց կարեւոր է, որ Սահմանադրական դատարանին մէջ հնչեն այդ հարցումներուն պատասխաններ, օրինակ Նիկոլ Փաշինեանը իրաւունք ունէ՞ր շարունակելու երկրի կառավարութիւնը ղեկավարել, միաժամանակ գործադրեր նման ծաւալի վարչական լծակներ եւ իրականացնել, ըստ էութեան, պետական ընտրակաշառքը:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի՝ Սահմանադրական դատարանը իր աշխատանքային որոշումով ներգրաւած է շարք մը պետական կազմակերպութիւններ, որոնք պէտք է տեղեկատուութիւն ներկայացնեն եւ պատասխաններ հնչեցնեն։ Ան յոյս յայտնեց, որ դատարանը տայ իրաւունքի վրայ խարսխուած որոշում, եւ ոչ թէ քաղաքական իրավիճակէն մեկնելով ձգտի հերթական արջի ծառայութիւնը մատուցել մեր պետականութեան: