«Հայաստանի սահմանադրութեամբ եւ օրէնսդրութեամբ կարծես թէ ամրագրուած են ժողովրդավարական սկզբունքները, սակայն իրականութեան մէջ կառավարման ոլորտը ակնյայտ մենատիրական է». այսպիսի եզրակացութիւն կատարած է «Ֆրիտըմ Հաուզ» (Freedom House) իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը իր «Անցումային երկիրներ 2018» զեկոյցին մէջ, կը հաղորդէ «Սիվիլնեթ»ը:
Հայաստան, ինչպէս նախորդ տարի, դասուած է կիսամենատիրական պետութիւններու շարքին:
Ի տարբերութիւն 2017 տարեշրջանին՝ 2018-ին Հայաստան յետընթաց արձանագրած է ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք՝ ընդհանուր գնահատականը 5,39 կէտէն հասած է 5,43-ի: Դիրքերու թուլացումը պայմանաւորուած է փտածութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ յետընթացով (5,25էն 5,50ի): Պատճառը Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական իշխանութիւններու ամրապնդումն է եւ իբրեւ հետեւանք՝ համակարգային փտածութեան արմատաւորումը:
Միւս ցուցանիշներուն հետ կապուած՝ այս տարուան զեկոյցին մէջ Հայաստան եւս յառաջընթաց չէ արձանագրած՝ ընտրական գործընթացներու, անկախ մամուլի, արդարադատութեան եւ տեղական ժողովրդավարութեան առումներով:
Հեղինակները կը մատնանշեն, որ 2017-ին, նախագահականէն խորհրդարանական կառավարման անցնելու առումով ամենակարեւոր քայլը ապրիլեան խորհրդարանական ընտրութիւններն էին, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ ՀՀԿ-ն, որ «կը վերահսկէ իշխանութեան բոլոր երեք ճիւղերը», պահպանեց եւ ամրապնդեց իր գերիշխանութիւնը: