ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոսին:
Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի (Հայաստանի յանձնաժողովի նախագահ) գրասենեակէն:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ: Հանդիպման օրուան մասին տակաւին տեղեկութիւն չկայ: