«Գանձասար»ի աշխատակից Լեւոն Շառոյեան կը գրէ.-
Կիրակի 9 Նոյեմբերի երեկոյեան, հալէպահայ գաղութէն լայն շերտ մը, աւելի քան 600 հոգի, բերնէ բերան լեցուցեր էր «Եսայեան» հանդիսասրահը, այս անգամ ոգեկոչելու համար պատմական հի՜ն ու գրեթէ մոռցուած դէպք մը, որ արդէն ունի 120 տարուան վաղեմիութիւն…։ Սասնոյ Ա. ապստամբութիւնը՝ Մեծն Մուրատի գլխաւորութեամբ։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ս.Դ.Հ.Կ.ի Տխրունի Ուսանողական-Երիտասարդական Միութեան կողմէ, ու պէտք է շեշտել՝ թէ կրցեր էր համախմբել տարբեր շրջանակներէ մեծաթիւ ներկայացուցչական դէմքեր ու մշակութասէրներ, որոնք հաճոյքով հետեւեցան յայտագրին։ Կոկիկ ու տպաւորիչ յայտագիր մը, որուն ընթացքին յիշատակուեցան զօր. Անդրանիկն ու Գէորգ Չաւուշը, Հրայր Դժոխքն ու Տամատեանը…։ Ակնյայտ էր, որ ձեռնարկին յաջող կիրարկումին համար Հնչակեան շրջանակը զօրաշարժի ենթարկած էր իր ամբողջ կարողականութիւնը։
Յայտագրին առիւծի բաժինը պր. Յակոբ Կիւլվարդեանի կողմէ բեմադրուած թատերական ներկայացումն էր, ուր կ՛երեւէին Սուլթան Համիտն ու իր գործակատարները մէկ կողմէ, ու Մեծն Մուրատն եւ իր զինակից հայդուկները՝ միւս կողմէ։ Ընդմիջաբար, կը ներկայացուէին պատմական դրուագներէ ընթերցումներ, պարեր, ազգաշունչ երգեր…։ Բեմական ներկայացումը, տեղ-տեղ, խնդուք կը յառաջացնէր իր ծիծաղաշարժ պատկերներով, տեղ-տեղ ալ կը խոնաւցնէր մեր աչքերը՝ իր փոխանցած ազդու եւ յուզիչ պատգամներով…։
Ձեռնարկին Բ. բաժնով՝ յարմար տեսնուած էր հրապարակաւ պարգեւատրել Հալէպի Հնչակեան շրջանակէն խումբ մը վեթերան ընկերներ, որոնք անցեալին, տարիներով, անսակարկ ծառայութիւն բերած էին կուսակցութեան, ակումբին ու Կիլիկեան Ճեմարանին։ Այսպէս, բեմ հրաւիրուելով՝ յուշամետայլով մը պարգեւատրուեցան Սարգիս Զգուշեան, Յակոբ Օգճեան, Ժան Տէր Գէորգեան, Սարգիս Գուզուեան, Յակոբ Ապէճեան, ՐաՖՖի Բագարեան եւ օրդ. Անայիս Զմանեան։
Երեկոյին եզրափակիչ խօսքը կատարեց վեր. Յարութիւն Սէլիմեան, որ ունեցաւ շատ խանդավառ ու գօտեպնդիչ ելոյթ մը։ Ջատագովեց մեր գաղութէն ներս պարզուած միասնական ոգին, ու Սասնոյ ապստամբութեան ակնարկելով՝ յիշեցուց որ հարիւր եւ աւելի տարիներէ իվեր «գործ» ունինք թուրքին հետ։ Վերապատուելին, ինչպէս միշտ, անգամ մը եւս իր ափսոսանքը յայտնեց «Հալէպը լքողներ»ուն ու երկրէն հեռացողներուն համար եւ հակադրաբար՝ այն տեսակէտը պաշտպանեց, թէ հարկ է մն€ա՛լ, կառչիլ Հալէպին, խնամել ու վերականգնել Հալէպը…։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ