ԳԱՆՁԱՍԱՐ – Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, Սարաքէպի գիւղերուն մէջ սուրիական բանակին մղած մարտերուն ընթացքին նահատակուած է 1988-ի ծնունդ, հայ զինուոր Ժան Գաթանճեանը։
Նահատակ զինուորին յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Հալէպի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի, 6 Փետրուար 2020-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին։
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հանգուցեալին տան մէջ, Նոր Գիւղ։