Երեքշաբթի, 31 Մարտին, հայ, թուրք, քիւրտ եւ բազմազգի այլ սգակիրներու աննախընթաց բազմութեան մը մասնակցութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Ակօս»ի հայերէն բաժինի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեան, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ (գրեթէ բոլոր-«Մարմարա» հոգեւորականներուն)։
«Սգակիրները այնքան բազմաթիւ էին, որ եկեղեցիէն ներս մտնելն իսկ անկարելի դարձած էր, ու լեցուած էր նաեւ քովնտի պարտէզը։
Արարողութեան աւարտին դամբանախօսեց Արամ սրբազան։ Ապա հանգուցեալին մարմինը, դարձեալ աննախընթաց բազմութեան ընկերակցութեամբ տարուեցաւ մինչեւ «Ակօս»ի խմբագրատունը։ Երթեւեկն իսկ փակուեցաւ։ Ոգեկոչում մըն ալ կատարուեցաւ հոն, խօսեցաւ Եդուարդ Տանձիկեան, որ ներկայիս խմբագիրն է «Ակօս»ի։ Ապա հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր հողին յանձնուեցաւ դարձեալ հոծ բազմութեան ներկայութեան։ Թուրք մամուլն ալ արձագանգ հանդիսացաւ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւններուն։ Հրապարակագիր Ճէնկիզ Չանտար այսօր «Ռատիքալ»ի իր սիւնակին մէջ հրատարակած էր այս մասին գրուած «Վերջին Պարոնը» խորագրեալ յօդուած մը։