Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 125 ամեակի տօնակատարութեանց շարքին, գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ Պըրպենք քաղաքի «Ու-ուտպըրի» համալսարանին մէջ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27-ին, առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 5: Գիտաժողովը կազմակերպուած է Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան եւ Նոր Սերունդ մշակութային միութեան կողմէ ու կը վայելէ հովանաւորութիւնը Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան Արդի հայոց պատմութեան (UCLA), Հայագիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոնին (Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղ), «Ուուտպըրի» համալսարանին եւ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային կազմակերպութեան (NAASR):
Գիտաժողովին ելոյթ ունեցողները իրենց վերլուծութիւններով ու քննարկումներով, ՍԴՀԿի պրիսմակէն պիտի անդրադառնան անցնող 125 տարիներու հայ ժողովուրդի պատմութեան զանազան երեսներուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մասնակիցներն ու իրենց քննարկումներուն խորագիրները՝ ըստ օրուան յայտագիրին.
Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան՝ «Ժընեւ եւ Հնչակեան կուսակցութեան ստեղծումը».
Փրոֆ. Գէորգ Պարտաքճեան՝ «Գաղափարաբանութիւն եւ գրականութիւն. Մայր կուսակցութիւնը եւ անոր մտաւորական զաւակները».
Փրոֆ. Ժիրայր Լիպարիտեան՝ «ՍԴՀԿի ակունքներուն մօտ. Խնդիրներ եւ յարակարծիքներ».
Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան՝ «Բացարձակ միապետութիւն. Հնչակեան յեղափոխական դրուագը 1890ականներու հայկական Մուսա լեռի մէջ».
Դոկտ. Կարապետ Մոմճեան՝ «1895էն 1914. Հայկական քաղաքական-յեղափոխական կազմակերպութեանց յարաբերութիւնները Երիտասարդ թուրքերու հետ».
Փրոֆ. Հրաչ Չիլինկիրեան՝ «Կայսրութիւններու անկումէն մինչեւ համաշխարհայնացման դարը. Հայկական քաղաքական գաղափարախօսութեան եւ ռազմավարութեան խնդիրներ եւ հարցադրումներ».
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան՝ «Հնչակեան կուսակցութիւնն ու Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը».
Արամ Արքուն՝ «Հնչակեան կուսակցութեան դերը Կիլիկիոյ մէջ, Ա. Համաշխարհային պատերազմի յետնօրեակին».
Փրոֆ. Արա Տօսթուրեան՝ «Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հնչակեան կուսակցութեան աշխատաւորական եւ քաղաքական գործունէութիւնը, համաշխարհային հնչակեան շարժման պարունակին մէջ (1890-2000)».
Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ «Հնչակեան կուսակցութեան գործունէութիւնը Հարաւային Ամերիկայի հայկական համայնքներուն մէջ. Սկզբնական շրջանի ուրուագիծ մը».
Փրոֆ. Արա Սանճեան՝ «Խրուշչեւ, Ղարաբաղ եւ հնչակեանները. Փաստագրական ուղեւորութիւն մը բանաւոր պատմութեան աշխարհի յառաջխաղացքին մէջ»::
Գիտաժողովը պիտի սփռուի www.sdhp125.org կայքէն: