Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ 14 յուլիս 2022-ին, պաշտօնական հիւրերու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկ` առ ի գնահատանք Լիբանանահայ բժշկական միութեան տարած աշխատանքներուն:
Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ բացման խօսքին մէջ շեշտեց, որ Բժիշկներու սենտիքային հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը մնայուն դերակատարութիւն ունեցած է, եւ այսօր այդ խորհուրդի մէջ մեր ներկայացուցիչ չունենալը բացառութիւն է: Ան գնահատեց տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանը` սենտիքայի խորհուրդին մէջ անոր ունեցած 6 տարուան գերազանց ներդրումին համար, ապա շնորհաւորեց սենտիքայի նորընտիր նախագահ փրոֆ. Պախխաշը` յաջողութիւն մաղթելով անոր իր առաքելութեան Լիբանանի այս ծանր պայմաններուն մէջ եւ զօրակցութեան յանձնառութիւն յայտնեց, նոյնիսկ եթէ խորհուրդին մաս չենք կազմեր ներկայիս:
Սեն ժոզեֆ համալսարանի Բժշկական բաժանմունքի նախագահ փրոֆ. Ռոլան Թոմպ իր բացման խօսքին առաջին բաժինը ամբողջութեամբ հայերէնով կատարեց եւ ըսաւ. «Բարի իրիկուն, շատ ուրախ եմ, որ միասին ենք այսօր: Ես հայ չեմ, բայց սրտով հայ կը զգամ: Դարձեալ բարի եկած էք»:
Ապա ֆրանսերէնով շարունակելով իր խօսքը` յայտնեց, որ իրենք` իբրեւ Սեն Ժոզեֆ համալսարան, քաջալերեցին այդ հանդիպումի նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ որ անիկա տեղի կ՛ունենայ համալսարանի շրջափակին մէջ: Ապա յատկապէս ողջունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Փրոֆ. Թոմպ գնահատեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան ներդրումը եւ անդրադարձաւ հասարակաց գիծերուն` լիբանանցիներու եւ հայերուն միջեւ, ընդգծելով, որ լիբանանցիները եւս Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին` սովամահութեան ճամբով եւ մէջբերեց Ճեմալ փաշայի արտայայտութիւնը. «Հայերը սուրով, իսկ լիբանանցիները սովի միջոցով պիտի բնաջնջենք»:
Այս առիթով Սեն Ժոզեֆի մէջ խորհրդանշական յատուկ ծառ մը տեղադրուած է ոգեկոչելու համար սովամահութեան լիբանանցի զոհերը: Դժբախտաբար այս կարեւոր պատմական խորհրդանիշը արժանի ձեւով լուսարձակի տակ չէ առնուած Լիբանանի մէջ:
Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Եուսեֆ Պախխաշ շնորհակալութիւն յայտնեց ընտրութիւններու ընթացքին իրեն տրուած վստահութեան եւ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար: Զուգահեռ մը գծելով` ան յայտնեց, որ լիբանանցիին պատմութիւնը շատ կը նմանի հայուն, յատկապէս` տառապանքի իմաստով, եւ յատկանշական է, որ այս տառապանքը ուժ կու տայ մեզի` մեր որոշումներուն մէջ եւ թափ կը հաղորդէ հայրենիքին մեր կառչածութեան:
Ան անդրադարձաւ այն բոլոր դժուարութիւններուն, զորս կը դիմագրաւէ բժշկական մարզը` վերահաստատելով առաքելութիւնը շարունակելու վճռակամութիւնը, հակառակ Լիբանանի ներկայ կացութենէն բխող արտասովոր դժուարութիւններուն:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ քաղաքական մարզի ներկայացուցիչներ ընկերային առիթները միշտ կը վերածեն քաղաքականի, բայց այսօր ուրախ է այդ հանդիպումին համար, որ բժշկական մարզի ընտրանիին հետ է (թէեւ ընտրանի բառը շատ չի սիրեր)` բարձր գնահատելով ընկերական ոգին, որ իրարու կը միացնէ բոլորը` հասարակաց նպատակներու շուրջ:
Ան ողջունեց Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը եւ հաստատեց, որ բժշկութիւնը նախքան կեանքի ասպարէզ ըլլալը` ծառայութիւն է եւ առաքելութիւն: Ան վեր առաւ բժիշկներու դերը յատկապէս այս դժուար օրերուն եւ ընդգծեց կոչումին հաւատարիմ մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան ֆրանսերէնով լուսարձակի տակ առաւ լիբանանցիներուն եւ հայերուն միջեւ հասարակ յայտարարները, յատկապէս` արդարութեան փնտռտուքի առումով: Ան վկայակոչեց լիբանանահայու մը հայրենասիրութիւնը, որ մերժած է միջազգային ընկերութեան մը Միջին Արեւելքի պատասխանատուի գրաւիչ պաշտօնը, երբ անոր համար իրեն թելադրուած է լիբանանեան քաղաքացիութենէն հրաժարիլը:
Լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպումին համար: Ան անդրադարձաւ փրոֆ. Ռոլան Թոմպի նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առիթով մասնագիտական տպաւորիչ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցած էր Բժշկական բաժանմունքին մէջ: Տոքթ. Էճիտեան ըսաւ, որ 1950-ին հիմնուած Լիբանանահայ բժշկական միութիւնը 72 տարեկան հին միութիւն մըն է` միայն 5 տարի զիջելով Լիբանանի բժշկական սենտիքային:
Անիկա համախմբող միութիւն է `անկախ յարանուանական, քաղաքական կամ համալսարանական պատկանելիութենէ, եւ միշտ ներդաշնակ եղած է գաղութի հոգեւորական թէ աշխարհական հեղինակութիւններուն հետ:
Բժիշկը դիտել տուաւ, որ միութեան գործունէութեան դաշտը կ՛ընդգրկէ բազմաթիւ մարզեր, որոնց մէջ կ՛իյնայ նաեւ սենտիքային մէջ ներկայութիւնը, որ ընդհանրապէս պահպանուած է, եւ օր եղած է, որ խորհուրդի 12 անդամներէն 2-ը հայեր եղած են:
«Մեզի համար որքան իրաւունք, նոյնքան ալ պարտականութիւն է սենտիքային մէջ մասնակցութիւնը եւ ատկէ մեկնած` ներկայացուցինք տոքթ. Համբիկ Քուրիէի թեկնածութիւնը, եւ եթէ վերջին ընտրութիւններուն կարելի չեղաւ 16 անդամներու խորհուրդի մէջ մեր ներկայացուցչութիւնը պահպանել, վստահ ենք, որ սպիտակ ծուխը պիտի տեսնենք դարձեալ», ըսաւ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան` աւելցնելով, որ ապահովագրութեան սնտուկը կամ գիտական յանձնախումբը, հակառակ իրենց ներկայացուցած կարեւորութեան, չեն բաւարարեր միութեան ակնկալութիւնը:
Ապա տոքթ. Էճիտեան շնորհակալութիւն յայտնեց տոքթ. Համբիկ Քուրիէի` այդ ձեռնարկի կազմակերպումին համար:
Աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ վահանակի յանձնում տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանին` առ ի գնահատանք սենտիքայի խորհուրդին մէջ 6 տարի անընդմէջ գործունէութեան համար. վահանակը յանձնուեցաւ ձեռամբ երեսփոխան Բագրատունիի եւ փրոֆեսէօրներ Պախխաշի ու Թոմպի:
Հաւաքի աւարտին տեղի ունեցած ընթրիքին մասնակցեցան` Սեն Ժոզեֆի, Օթել Տիէօի եւ այլ հաստատութիւններու պատասխանատուներ, Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը ու հրաւիրեալ հայ թէ տեղացի բժիշկներ, որոնք վայելեցին մտերմիկ մթնոլորտը: