Րաֆֆի Պետիկեան, Տինսլաքըն, Գերմանիայ, 6 Օգոստոս 2014
– Հոս Կիպրոսի ռատիոկայանի հայկական ժամն է: Կը հաղորդենք լուրերը: Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոս….
Որպէս մանուկ, երբ Պէյրութ կ՚ապրէինք ձայնասփիւռի միջոցով ամէն շաբաթ կը լսէի իր հմայիչ ձայնը, սքանչելի Հայերէնը: Երբ ծնողքիս հետ Կիպրոս կու գայինք արձակուրդի, ամէն անգամ կը սիրէր հիրասիրել, կը տանէր Տէիրմէնլիք գիւղը (Կիպրոսի բռնագրաւուած հիւսիսը) ղատեյիֆ ուտելու: Տարբեր էր, ամէն ձեւով…
1976-ին, երբ վեց ամիսով Մելգոնեանցի եղայ, ինծի ուսուցիչ չեղաւ:
Բայց որպէս Մելգոնեանի կեանքը մօտէն ճանչցող, կրնամ ըսել թէ եօթանասունական-ութսունական թուականներուն Մելգոնեանի եւ Կիպրահայ գաղութի մշակութային կեանքը սերտօրէն կապուած էր իր անուան հետ:
Որպէս արուեստի ուսուցիչ, մանաւանդ իր երգչախումբով, հայ պատանիներու մօտ կը դարբնէր ՈԳԻ-Մելգոնեանցիի ոգի եւ հայկականութիւն, երբ միասին կ՚երգէինք «Սիփանայ Քաջերը»ը, «Խուժան Ասկեր»ը, «Երեւան-Էրեբունի»ն եւ «Ագգ Փառապանծ»ը:
Միշտ ըսած եմ եւ ամէն օր կը կրկնեմ: Հայ դատի գլխաւոր նուաճումը հայ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնն է, ոչ թէ այս կամ այն ոճրագործ գաղութարար եւ կայսերապաշտ պետութիւններու որձեւէգ բանաձեւերը (թուղթէ շերեփները):
Յետո որպէս ոսանող, բժիշկ եւ հասուն մարդ, մօտէն ծանօթացայ իրեն: Երբ հայրս հիւանդացաւ, միշտ մօրս կողքին էր, որպէս հաւատարիմ եւ վստահելի ընկեր: Մօրս առաջարկով ընդունեց տղուս՝ Տարօնի կնքահայրութիւնը:
Եղեռնի 75 ամեակին սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը անցաւ զինեալ պայքարի, եւ ամենուրէք ստեղծուած էր բեւեռացած վիճակ մը՝ դեր եւ դէմ զինեալ պայքարի:
Պարոն Աբգարեան առաջին օրէն կողմ դիրք բռնեց եւ թիկունք կեցաւ այս պայքարին:
Մելգոնեանէն ելլելէ ետք նուիրուեցաւ ուրիշ ծրագրի մը: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին տեղափոխուեցաւ Հայատան եւ ստանձնեց Խաչատուրեան եղբայրներու հիմնած ԳՈՀԱՐ համոյթի ղեկավարութիւնը: Պտըտեցաւ եւ Հայ երգը, Հայաստանի բոյրն ու ձայնը տարաւ գաղութէ գաղութ՝ Պոլիս, Միջին Արեւելք, Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկա, ջերմացուց եւ խանդավառեց բոլորը։
Հայաստան ապրելով աւելի մօտէն տեսաւ մեր ժողովուրդի ապրած թշուառութիւնը եւ իշխող դասակարգի՝ օլիկարխներու սանձանձակ կաշառակերութիւնը եւ կեղեքումը : Բերանը չէր փակեր, միշտ ուղիղ, բացէն ի բաց կ՚ըսէր իր կարծիքը: Երբ ընկերներով կը հաւաքուէինք, կը պատմէր հայրենի ժողովուրդի քաշած թշուառութեան մասին ու լուռ կ՚արտասուէր…
Իր մահուընէ մի քանի ամիս առաջ երկար, աւա՜ղ, վերջին հեռաձայնային խօսակցութիւնն էր. նիւթը իր առողջութիւնը եւ Հայաստանի կացութիւնը, Հայաստանի արմատական դիմադրութիւնը՝ պայքարող տղաքը, Ժիրայր Սեֆիլեանն ու իր ընկերները, սփիւռքի Հայկական Վերածնունդ շարժումը, կը շեշտէր անհրաժեշտութիւնը անզիջող պայքար տանելու:
Տարօրնակ, շատ տարօրինակ անձ մըն էր Պրն. Սեպուհը…։ Սասունցիի զաւակ, ցեղասպանութենէ վերապրածներու քէմբին մէջ ծնած, Հալեպ հասակ առած, Մելգոնեան աշակերտած, Փարիզ ուսանած, արտաքինով միշտ խնամուած ու ժպտերես, ներսէն ապարաժ-կրանիթ….Վոն Գարայեանի, Սերոբ Աղբիւրի ու Գէորգ Չաւուշի խաոնուրդ մը…
Սերունդ մը, հոյակապ սերունդ մը:
Մինչեւ ողնածուծը հայութիւն, անսահման սէր եւ նուիրուածութիւն հայկական արժէքներու ու Հայաստանի հանդէպ:
Մեր տունն ալ, սիրելի Սեպուհ, քեզի պէս երկու անկեղծ զինուոր (հայրս եւ մայրս) ու սպարապետ կորսնցուց…Պիտի գա՞յ արդեօք այսպիսի սերունդ մը…
– Դպրոցները գոցեցէ՛ք, հայակերտումի ամրոցները քանդեցէ՛ք, Մելգոնեանը չորցուցէ՛ք, Հայաստանը թալանեցէ՛ք եւ դատարկեցէ՛ք, եթէ Աստուած չպատժէ ձեզի, Հայ ժողովուրդը պիտի տեսնէ ձեր դատաստանը, պարոնայք նորօրեայ ասպատակողներ։
Սիրելի Սեպուհ, Պրն. Աբգարեան, մենք քու յիշատակիդ «ԱՆՄԱՀ ԼՈՒՍՈՅ»ն պիտի երգենք, Հայերէ՛ն պիտի խօսինք, Հայերէ՛ն պիտի երգենք, Հայաստա՛նը պիտի սիրենք, եւ Հայ դատի համար պայքարինք:
Մելգոնեանի ոգին քեզմով ապրեցաւ եւ քեզի հետ պիտի ապրի…
Յաւիտենական լոյս շիրիմիդ: