ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, 18 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի «Հայ Կին» եւ «Երիտասարդական Շրջանակ» մարմիններուն կողմէ միասնաբար կազմակերպուած խորհրդաժողովը, որ նուիրուած է սեռային բռնութեան եւ անոր դէմ պայքարելու կարելիութիւններուն։ Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 10-ին։
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսներն են «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի լրագրող Ալին Չեքմետեան, Լոս Անճելըս գաւառի շրջանային դատախազի տեղակալ Ռուման Էպրահիմ եւ «Strength United Men C.A.R.E.» կազմակերպութենէն Շահէ Շապանեան։
Իւրաքանչիւր ներկայացման աւարտին, ներկաները առիթ պիտի ունենան յաւելեալ յստակացումներ խնդրելու բանախօսներէն:
Խորհրդաժողովը պիտի կայանայ ՀԲԸՄի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնին մէջ (2495 East Mountain St., Pasadena, CA 91104):
Մասնակցութեան սակը 30 տոլար է, ներառեալ՝ ճաշ: Իսկ ուսանողներու մասնակցութեան սակը՝ 10 տոլար: