Այս յօդուածը նուիրուած է Սերժ Սամոնեանցին` Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսնող “Ասպարէզ” թերթի անգլերէն բաժնի 10 տարուան նախկին խմբագիրին, եւ “Գալիֆորնիա Գուրիեր” թերթի վերջին 25 տարիներու ներկայ խմբագիրին:
Սերժը համեստ մարդ է, որ իր կեանքի մեծ մասը անտրտունջ աշխատած է` խուսափելով իրեն նկատմամբ որեւէ ուշադրութենէն: Երբ անցեալ Կիրակի երեկոյեան ես անոր յայտնեցի, որ “Ասպարէզ”-ը պիտի մեծարէ զինք, Սերժը հեգնական պատասխանեց իրեն յատուկ ինքնաթերագնահատման ոճով. “Ի՞նչ է, մեծարելու համար ուրիշ մարդ չէ՞ մնացած”:
Սերժը մեծարուեցաւ աշխարհի ամենահին թերթերէն մէկուն` “Ասպարէզ”-ի 105-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ժամանակ: “Ասպարէզ” թերթը սկսած է հրատարակուիլ 1908 թուականին Քալիֆորնիոյ Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, իսկ 1970 թուականին տեղափոխուած է Լոս Անճելըս:
Մինչ իմ շաբաթական սիւնակներս կ’արժանանան զգալի ուշադրութեան՝ հրապարակուելով աշխարհի մի քանի տասնեակ թերթերու մէջ եւ տեղադրուելով հարիւրաւոր կայքերու մէջ բազմաթիւ լեզուներով, Սերժը ամէն շաբաթ աննկատ կերպով կը պատրաստէ “Քալիֆորնիա Քուրիեր” թերթը հրատարակութեան համար: Ան պատասխանատու է ամէն ինչի համար`սկսած լուրերու հաւաքումէն մինչեւ խմբագրում, կը ձեւաւորէ նաեւ գովազդային աշխատանքներ:
Պէտք է արժանին մատուցել “Ասպարէզ” թերթի ղեկավարութեան Սերժ Սամոնեանցին մեծարելու համար: Թէեւ 1988 թուականէն ան այլեւս չ’աշխատիր “Ասպարէզ”-ի մէջ, սակայն թերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու ներկայ խմբագիրներ Աբօ Պողիկեան եւ Արա Խաչատուրեան չեն մոռցած իրենց նախկին գործընկերը եւ քառորդ դար անց ցանկութիւն ունեցած են իրենց երախտիքի խօսքը ըսելու անոր գերազանց աշխատանքի համար: Յաճախ չէ, որ հայկական կազմակերպութիւնները կը յիշեն իրենց աշխատակիցները եւ հանդիսաւոր ճաշկերոյթներ կը կազմակերպեն անոնց պատուին:
Թէեւ պատշաճ է ճանչնալ անոնց, որոնք զգալի գումարներ կը նուիրաբերեն հայկական հաստատութիւններուն, քանզի առանց անոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններուն հնարաւոր չէր ըլլար շատ բաներու հասնիլ, սակայն նոյնքան կարեւոր է մեծարել ազգի համեստ ծառայողները, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած են հայ համայնքին, ինչպիսիք են ուսուցիչները, լրագրողները եւ հոգեւորականները:
Տօնակատարութիւնը իսկապէս յիշարժան դարձաւ անակնկալ յայտարարութեամբ, որով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշան շնորհած էր պարոն Սամոնեանցին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան կարդաց Կաթողիկոսարանի պատրաստած կոնդակը` պարոն Սամոնեանցի կրծքին Պատուոյ շքանշանը ամրացնելու պահուն:
Ինծի խնդրած էին ներկայացնել Սերժը Հոկտեմբեր 20-ի հանդիսաւոր ճաշկերոյթի ժամանակ, որ տեղի ունեցաւ Մոնթէպելոյի Բաղրամեան դահլիճէն ներս: Ստորեւ կը ներկայացնեմ իմ բացման խօսքս, որ կը ներառէ պարոն Սամոնեանցի համառօտ կենսագրութիւնը.
Սերժը ծնած է 1943 թուականին Ֆրանսայի Մարսէլ քաղաքի մէջ, ուր ապրած է մինչեւ 9 տարեկան դառնալը: 1952 թուականին անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Սան Փաուլօ, Պրազիլ, իսկ 1961 թուականին` Մասաչուսէթս, ԱՄՆ: Ան ընդունուած է ՀՅԴ երիտասարդական միութեան, իսկ 1966 թուականին Մոնթէպէլօ, Քալիֆորնիա տեղափոխուելէն ետք` ՀՅԴ “Քեռի” կոմիտէի շարքերը:
1964 թուականին Սերժը ծառայութեան անցած է Միացեալ Նահանգներու ռազմածովային ուժեր եւ 1970 թուականին պատուով զօրացրուած է իբրեւ քսանապետ: Զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէն ետք Սերժը յաճախած է Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիա նահանգային համալսարանը` մասնագիտանալով պատմութեան մէջ: Յետագային աւարտած է UCLA համալսարանի հանրային կապերու բաժինը:
1973 թուականէն սկսեալ Սերժը եօթ տարի շարունակ ստանձնած է “Ասպարէզ” թերթի անգլերէն բաժնի խմբագրի պաշտօնը: Ապա, 1983-84 աշխատած է իբրեւ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն: Յետագային, 1985-1988 թուականներուն ան կրկին վերադարձած է “Ասպարէզ”` անգլերէն բաժնի խմբագիրի իր նախկին պաշտօնին:
1985 թուականին Ժնեւի մէջ, Սերժը եւ ես, Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան կազմի մէջ էինք` յաջողութեամբ լոպպինկ իրականացնելով ՄԿ-ի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար:
1988 թուականին Սերժը միացաւ “Քալիֆորնիա Քուրիեր” թերթին իբրեւ խմբագիր, ուր արդէն 25 տարի է, ան կ’աշխատի: Ան գերազանց լրագրող է եւ բարձրակարգ արհեստավարժ: Ինծի համար մեծ պատիւ եւ հաճոյք է քառորդ դար շարունակ աշխատիլ անոր հետ միասին եւ’ իբրեւ մտերիմ ընկերոջ եւ’իբրեւ գործընկերոջ:
Սերժը լուռ ու մունջ մարդ է եւ անխոնջ աշխատող: Ան իր ողջ կեանքի ընթացքին եղած է աշխատունակ գործիչ տարբեր հասարակական եւ քաղաքական հարցերով եւ Հայ դատի աննկուն ջատագով:
Սերժի մեծարման ուրախութիւնը անոր հետ միասին կը կիսէին անոր ընտանիքի անդամները, կինը` Մարիամը, քէնին` Լաուրա Մանուկեանը, անոր որդին` Ռաֆֆին ու անոր կինը` Նանոն, եւ անոնց երեխաները` Էմիլին ու Սեպուհը:
Կը շնորհաւորեմ Սերժ Սամոնեանցը` հայ լրագրութեանը վերջին 35 տարիներու ընթացքին իր անշեղ նուիրուածութեան համար եւ կը շնորհաւորեմ “Ասպարէզ” թերթի աշխատակիցները` անոնց քրտնաջան աշխատանքի եւ յանձնառութեան համար` շարունակելու ժառանգութիւնը այն մարդոց, որոնք 105 տարի առաջ հիմնադրած են այս թերթը:
Յարութ Սասունեան
“Գալիֆորնիա Գուրիեր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանութիւնը` Ռուզաննա Աւագեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը