Երէկ տեղի ունեցած է համաձայնական դաշինքի գործընկերներու փակ նիստը: Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած է, որ մէկ հարց եղած է օրակարգին վրայ, եւ վարչապետի պաշտօնին միաձայնութեամբ առաջադրուած է Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:
«Ընթացակարգով` ՀՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն պիտի առաջադրեն: Վաղը խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանը խմբակցութեան անունով պիտի ներկայացնէ Սարգսեանի թեկնածութիւնը, եւ մենք, օրէնքով սահմանուած կարգով, պիտի քննարկենք եւ քուէարկենք», ըսաւ ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ միաձայնութեամբ հաստատուեցաւ Սարգսեանի թեկնածութիւնը: «Խմբակցութիւնները չեն կրնար չհետեւիլ իրենց կուսակցութեան որոշումներուն, անակնկալ չի կրնար ըլլալ», ըսած է ան: