ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ ենթադրեալ գաղտնի տեղեկութիւններ հրապարակելուն վերաբերեալ գլխաւոր դատախազութիւնը դիմում ուղարկեց Ռազմական ոստիկանութեան` սահմանուած կարգով նիւթեր նախապատրաստելու եւ ընթացքը լուծելու համար: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան:
Յիշեցնենք, որ «Արմնիւզ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Սերժ Սարգսեան, հերքելով մեղադրանքները, թէ նաեւ իր պաշտօնավարման 10 տարիներուն ընթացքին բանակը թալանուած է՝ գործող իշխանութիւնը մեղադրեց պատերազմին ընթացքին եւ անկէ առաջ կատարած թալանին համար: Իր խօսքերուն կողքին, ըստ թերթին, ան ներկայացուց նաեւ փաստ մը, ըստ որուն, պատերազմի օրերուն կառավարութիւնը, շրջանցելով պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ զրահաբաճկոններ գնած է քանի մը անգամ աւելի բարձր գինով` 600 տոլարով:
Ան նաեւ ըսաւ, թէ իր օրօք, ժամանակակից զինատեսակներ գնելու ծրագիր հաստատուած էր` ֆինանսական յստակ աղբիւրներով: Այդ ծրագիրով նախատեսուած էր մինչեւ 2024 թուականը 2500 անօդաչու թռչող սարքեր ձեռք բերել. առաւել քան հազար անօդաչու սարքեր՝ մինչեւ 2020, նաեւ Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, սակայն Փաշինեանի կառավարութիւնը այդ ծրագիրը փոխեց: