Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին հետեւանքով Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին լոյսին տակ, խորհրդարանական «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը հրապարակեց հաղորդացրութիւն մը, յայտնելով՝ չի պատրաստուիր մասնակցելու Հայաստանի հանրապետութեան կայունութիւնը խաթարելու նպատակ ունեցող որեւէ նիստի:
Ստեղծուած լարուածութիւնը մեղմացնելու մտահոգութեամբ, նախագահ Արմէն Սարգսեան շարունակեց քաղաքական կուսակցութիւններու հետ հանդիպումները:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ մը յղեց հայ ժողովուրդին, ուր բացարձակ անհեթեթութիւն նկատեց Մեղրին յանձնելու վերաբերեալ շրջող լուրերը: « Ինչ կը վերաբերի բուն փաստաթուղթի բովանդակութեանը, ան իսկապէս վատ է մեզի համար, բայց պէտք չէ աւելի վատացնել, քան իրականութիւնը: Մասնաւորապէս լուրեր կը շրջին Մեղրին յանձնելու վերաբերեալ, որ բացարձակ անհեթեթութիւն է: Ընդամէնը կը խօսուի տարածաշրջանի հաղորդակցութեան ուղիները ապաշրջափակելու, որուն մէջ Ազրպէյճանէն Նախիջեւան, բայց սա կը նշանակէ, որ պէտք է ապաշրջափակուին նաեւ Երեւանէն Նախիջեւանով Սիւնիք տանող հաղորդակցութեան ուղիները, որուն մէջ՝ Իրանի հետ Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը, որ էական նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր երկրի տնտեսութեան հետագայ զարգացումին համար». նշեց Փաշինեան:
Ան ըսաւ,թէ Հայաստանի համար ոչ շահեկան փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ այնպիսի պայմաններու մէջ, երբ Հայաստանի հանրապետութեան զինուած ուժերուն գլխաւոր շտապը զեկուցեց, որ վայրկեան մը առաջ պէտք է դադրեցնել պատերազմը: Իսկ Արցախի նախագահը կ’ահազանգէր, որ ռազմական գործողութիւնները չդադրելու պարագային, կրնանք կորսնցնել Ստեփանակերտը:
Վարչապետը շեշտեց,թէ Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը կը դառնայ բացարձակ առաջնահերթութիւն: Անոր կարծիքով, Արցախի միջազգային ճանաչման համար ներկայիս կան աւելի ծանրակշիռ փաստարկներ:
Փաշինեան առաջնային խնդիր նկատեց երկրին կայունութեան եւ անվտանգութեան մթնոլորտին վերականգնումը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կնքեց մամլոյ ասուլիս մը: Լաւրով յայտնեց, թէ բոլոր կողմերը շահաւոր դուրս պիտի գան, եթէ իրականացուին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պայմանաւորուածութիւնները:
Լաւրով ըսաւ, թէ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց մը ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, իսկ ինք՝ արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի.« Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը հասկնայ իր պատասխանատուութիւնը, կը հասկնայ, որ այդ պայմանաւորուածութիւնները ստորագրած է՝ մեկնելով իր ժողովուրդին շահերէն: Եւ ես համոզուած եմ, որ այս համաձայնութեան լիարժէքութիւնը կը պահպանուի եւ կ’իրականացուի». ըսաւ ռուս դիւանագէտը:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին, նշելով, որ կարգավիճակը կ’որոշուի այդ տարածաշրջանի բոլոր բնակիչներուն իրաւունքները ճշդելէ ետք:
Լաւրով նաեւ յայտնեց, թէ անհրաժեշտութիւն չի տեսներ փոփոխութեան ենթարկելու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափը:
Արցախի Հատրութի բնակիչները այսօր առաւօտեան հաւաքուեցան Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ եւ նամակ մը փոխանցեցին դեսպանին՝ ակնկալելով, որ բարեկամ Ֆրանսան կ’աջակցի հայկական կողմին՝ վերադարձնելու Հատրութը: Դեսպանը արձագանգեց, յայտնելով, թէ շատ ուրախ է նամակը ստանալու համար.« Ֆրանսայի դեսպանատունը Ձեզի համար միշտ բաց է». ըսաւ ան:
Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա Շամփայն յայտնեց, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ հայ ժողովուրդին՝ միեւնոյն ժամանակ ակնկալելով, որ Ազրպէյճան կը յարգէ ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Հայաստանի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական 17 կուսակցութիւններու նախաձեռնութեամբ հանրահաւաքի մասնակիցները Մատենադարանէն շարժուեցան դէպի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնք, ապա՝ Ազատութեան հրապարակ: Ընդդիմութիւնը կը պահանջէ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը: Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 20 ցուցարար:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան ներկայացուց իր հրաժարականը: