« Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարը պահպանելու նպատակով անհրաժեշտ է տեղակայել ռուս ռազմական դիտորդներ, սակայն վերջին խօսքը պէտք է ըսեն հակամարտութեան կողմերը». յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:
Լաւրովի խօսքով՝ զինադադարի համաձայնութենէն ետք, ռազմական գործիչները արդէն «գետնի վրայ» պէտք է որոշեն, յստակ ին՞չ քայլեր անհրաժեշտ են անոր համար: Ռազմական գործիչները առարկայականօրէն կը հսկեն՝ ինչպէս որ հակամարտութեան կողմերը կը հետեւին զինադադարի համաձայնութեան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, թէ այս առաջարկին առնչութեամբ հաղորդակցութեան մէջ մտած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ: Ան ընդգծեց, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյքու, իր կարգին, հաղորդակցութեան մէջ մտած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ:
Լաւրովի գնահատութեամբ, բուռն վէճերով ընթացած են զինադադար հաստատելու նպատակով, 9-10 հոկտեմբերին, տեղի ունեցած բանակցութիւնները, որուն վճռական պահերուն իր ներդրումը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Սոյն բանակցութիւններուն ընթացքին, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյքու դիտել տուած է, թէ զինադադար հաստատելը անբաւարար պիտի ըլլայ, վերահսկողութեան կառոյցներու բացակայութեան:
Լաւրովի համոզմամբ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարելի է հասնիլ քաղաքական լուծումի, սակայն անպայման « գետնի վրայ» անհրաժեշտ է պահպանել զայն:
Լաւրով ըսաւ, թէ Ռուսիա համաձայն չէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Անգարայի առաջարկին: