Համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերած հայ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան ստացած է զուիցերական Credit Swiss դրամատան ամենամեայ մրցանակը` ճանչցուելով որպէս` «Աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ»: Ջութակահարը
պարգեւատրելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Վիեննայի մէջ 18 Յունուարին:
ժիւրիի կազմը կը գլխաւորէր Լիւցեռնի փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար
Միխայիլ Գաֆլիգերը:
Սերգէյ Խաչատրեան նմաեւ արժանացաւայլ մրցանակի մը ` զուիցերական 75
հազար ֆրանք գումարի չափով, որ երաժշտական բնագաւառին մէջ «Ամենամեծ»
մրցանակներէն մէկն է: Մրցանակը նաեւ կ’ենթադրէ, որ ջութակահարը
պիտի մասնակցի Վիեննայի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի հետ համերգի: Այն Գուստաւօ Տուտամելեայի ղեկավարութեամբ տեղի պիտի ունենայ 13 Սեպտեմբերին:
Սերգէյ Խաչատրեանի վերջին համերգը Երեւանի մէջ կայացած է 2013 թ. Սեպտեմբեր
15-ին, երբ ան «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ հանդէս եկաւ Հայաստանի
պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ: Համերգի նախօրէին հրաւիրուած ասուլիսին Խաչատրեան խոստովանած էր, որ սեփական ժողովուրդին համար նուագելը իւրայատուկ զգացողութիւն է, որ այլ բեմերու վրայ հնարաւոր չէ զգալ:
Համաշխարհային ճանաչում ձեռք բերած հայ ջութակահար Սերկէյ Խաչատրեան ստացած է զուիցերական Credit Swiss դրամատան ամենամեայ մրցանակը` ճանչցուելով որպէս`
«Աշխարհի լաւագոյն երիտասարդ երաժիշտ»: Ջութակահարը