Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու այսօր կէսօրին կնքեց մամլոյ ասուլիս մը: Ան յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու տեղակայումը կայունացուցած է տարածաշրջանին իրավիճակը:
Շոյկու դիտել տուաւ, որ եռակողմ յայտարարութեան պայմանները կը պահպանուին: Խաղաղապահներու աջակցութեամբ կը շարունակուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զոհուածներու մարմիններուն փոխանակումները: Ապահոված են 30 հազար գաղթականներու վերադարձը: Ականազերծուած է Լաչինի միջանցքը եւ մինչեւ Ստեփանակերտ երկարող ճանապարհը: Վերականգնած է քաղաքացիներու երթեւեկութիւնը:
Շոյկու ընդգծեց, որ ռուս խաղաղապահները կը գործեն արհեստավարժ մօտեցումով եւ ճիգ չեն խնայեր պահպանելու տարածաշրջանին խաղաղութիւնը: