Լիբանանահայ երիտասարդ եւ խոստմնալից երաժշտական արտադրիչ ու յօրինող Սերուժ Պաղտասարեան ուրբաթ, 26 ապրիլի երեկոյեան «Սիթիմոլ»-ի «Վըրճըն մեկասթոր»-ին մէջ ստորագրեց իր երրորդ ձայնասկաւառակը, որ կը կրէ «Պահապան հրեշտակ» խորագիրը: Երաժշտասէրներու ներկայութեամբ ան մակագրեց իր ձայնասկաւառակները, ընդունեց շնորհաւորութիւններ եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելով անդրադարձաւ իր նոր ձայնասկաւառակին:
Ձայնասկաւառակը բաղկացած է 14 երգերէ եւ երաժշտութիւններէ, որոնց մէկ մասին երաժշտութիւնը կը պատկանի Սերուժ Պաղտասարեանին, իսկ միւս մասը հին հայկական երաժշտական կտորներ են, որոնք վերամշակուած եւ վերագործիքաւորուած են անոր կողմէ: Ձայնասկաւառակին մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերած են ԻվոնԱյվազեանը, Շաքէ եւ Նայիրա Պաղտասարեանները, որոնք երգեր մեկնաբանած են, Յորդանանէն` ԶէյտՏիրանի, Լիբանանէն Ռաէտ Ապու Քամալ, որ արաբական շուիի նման գործիքով կը մասնակցի, Մազեն Սալհա` ուտի նուագակցութեամբ, Հայաստանէն կաննուագողներու երգիչներ, որոնցմէ է ԼեւոնԹաւանեանը:
Սերուժ Պաղտասարեանին համար շատ կարեւոր եւ հիմնական է, որ հայկականը միշտ տիրական ըլլայ իր երաժշտութիւններուն եւ երգերուն մէջ, ան նախանձախնդիր է, որ հինը արդիականացնելով հայկական արժէքները մատչելի դարձնէ նոր սերունդներուն: Մէկ խօսքով` երիտասարդ երաժիշտը երիտասարդութեան ակնկալութիւններուն լաւատեղեակ ըլլալով` կը փորձէ հինին եւ նորին միջեւ կամուրջ մը ստեղծել, որպէսզի անոնց միջեւ բախումին պատճառով արժէքները չկորսուին եւ անոնց պահպանումը շարունակուի:
Յատկանշական է ձայնասկաւառակին կողքը, ուր քանի մը տարբեր պատկերներ եւ պատգամներ կը միանան իրարու: Կայ Երեւանը` մեր գեղեցիկ մայրաքաղաքը, Արարատը` մեր պապենական հողերուն խորհրդանիշ վեհութիւնը, հրեշտակը` քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած հայութեան խորհրդանիշը, որուն ականջին դրուած են լսողական գործիքներ (հետֆոն), որպէսզի անիկա կարենայ ունկնդրել Սերուժ Պաղտասարեանի երաժշտութիւնը: Ձայնասկաւառակը կարեւոր է իբրեւ ստեղծագործութիւններու ամփոփում եւ արխիւ, որուն ընդմէջէն հեղինակին գործերը մատչելի կը դառնան երաժշտասէր հանրութեան` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս:
Ձայնասկաւառակի հովանաւորն է ԳՈՀԱՐ-ը:
«Eternity» եւ «GenoTrancide» ձայնասկաւառակներէն ետք հայկական գեղեցիկ երգերով ու յատկապէս նոր ոճով երաժշտութեամբ յագեցած «Պահապան հրեշտակ»¬ը կու գայ հարստացնելու երիտասարդ երաժիշտին արուեստի կենսագրութիւնը. Այս իմաստով անոր ուղին վստահաբար բաւական յարաճուն եւ յաջողութիւններով լի պիտի ըլլայ, որովհետեւ Սերուժ Պաղտասարեան խոստմնալից երիտասարդ մըն է, որ նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքահայ կեանքին մէջ սիրուած ու ճանչցուած է:
Բարի երթ եւ մնայուն յաջողութիւններ կը մաղթենք Սերուժ Պաղտասարեանին:
Source: http://www.aztagdaily.com/archives/117589
For more information, please contact
E-mail: [email protected]
Phone: +961 3 494807
Beirut, Lebanon