ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Պատմաբան եւ լեզուագէտ Սեւան Նշանեան Յունաստանի կողմէ անբաղձալի անձ հռչակուեցաւ։ 2017ին, Թուրքիոյ Ֆոչայի բաց բանտէն խոյս տալով՝ ան ապաստանած էր Եգէականի Սամոս կղզին։ Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած զրոյցի մը ընթացքին ան տեղեկացուց, որ ուղեւորութենէ մը Աթէնք վերադարձին անակնկալի մը դէմ յանդիման մնացած է։ Արդարեւ, Յունաստանի պետական բարձրաստիճան մարմինները արգիլած են անոր երկիր մուտք գործելը՝ պատճառաբանելով, որ ան ազգային ապահովութեան տեսակէտէն վտանգաւոր անձնաւորութիւն մըն է։ Երբ Նշանեան հետաքրքրուած է պատճառներով՝ իրեն յայտնուած է, որ այդ մէկը պետական գաղտնիք է։
«Չորս տարիէ ի վեր Սամոս կղզիին մէջ քիչ թէ շատ անդորրութեամբ կեանք մը հաստատել յաջողած էի։ Ըստ երեւոյթին, Յունաստանի չորս տարուան մեր ոդիսականը հասած է իր աւարտին», գրած է Նշանեան։
Անբաղձալի անձ հռչակելու հաւանական պատճառներուն շուրջ Նշանեան հանդէս եկած է նաեւ ենթադրութիւններով։ Այսպէս, անցեալ տարի ան սկսած է հետազօտել հիւսիսային Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ տեղանունները, այսինքն զանազան վայրերու նախկին անունները։ Այդ ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ, Նշանեան յայտնաբերած է, որ հիւսիսային Յունաստանի տեղանուններուն մօտաւորապէս կէսը թրքերէն է, իսկ նոյնքանն ալ՝ պուլկարերէն։ Այսինքն յունարէնով գրեթէ տեղանուն չկայ։ Ուստի, այժմ Նշանեան կը հետեւցնէ, որ այս երեւոյթները պետութիւններու տեսակէտէն՝ կ՛ընկալուին չափազանց գերզգայնութեամբ։