«Ազդակ»-ի 25-րդ առցանց լսարանին դասախօսեց պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէիրմէնճեան` նիւթ ունենալով «պոլսահայ մշակութային կեանքը այսօր»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նախ անդրադարձաւ Պոլիս-Պէյրութ մշակութային կամուրջին, պոլսահայ գրողներու Պէյրութ կատարած այցելութիւններուն, Պէյրութի մէջ անոնց հայ մամուլի աշխատակցութիւններուն: Ապա ան ներկայացուց Պոլսոյ կրթական, եկեղեցական եւ ընդհանրապէս մշակութային կառոյցներն ու անոնց ծաւալած գործունէութիւնը` ընդհանուր գիծերու մէջ:
Տէիրմէնճեան, կեդրոնանալէ ետք Մխիթարեան եւ կեդրոնական վարժարաններուն շուրջ համախմբուած հանդէսներու եւ պարբերականներու աշխատակիցներու երեւոյթին վրայ, ներկայացուց նաեւ պոլսահայ գրողներու թրքերէնով կատարած արտադրութիւններուն ընդհանուր պատկերը: Անոնք հայկական կեանքը կը պատմեն թրքերէնով. իսկ երիտասարդ գրողներուն մեծամասնութիւնը կը ստեղծագործէ թրքերէնով:
Սեւան Տէիրմէնճեան տեղեկատուական եւ վերլուծական ակնոցով ներկայացուց երեք անուններու շուրջ յառաջացած բացառիկ հնչեղութիւնը նաեւ թուրք գրական հասարակութեան մէջ: Զապէլ Եսայեան, Զաւէն Պիպէրեան եւ Մկրտիչ Մարկոսեան: Տէիրմէնճեան այս առումով զեկուցեց իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւններուն եւ ապահոված հնչեղութեան պատճառներուն մասին:
Թատերական կեանքի ներկայ իրավիճակի ներկայացումէն ետք հայերէնախօսութեան մասին Տէիրմէնճեան հաստատեց. Պոլսոյ մէջ հայերէնախօսութիւնը քաղաքացիական եւ քաղաքական ներկայութեան համազօր երեւոյթ է»:
Զեկուցումին հետեւեցաւ հարցումներու եւ քննարկումի բաժին: Ներկաները բնութագրեցին ներկայացումը` իբրեւ հետաքրքրական նորութիւններով յագեցած եւ համապարփակ զեկուցում: