Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` Հիւսէյն Շամիի նահատակութեան եօթնօրէքին նուիրուած:
Ան բարձր գնահատեց Շամիի յատկանիշները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան մէջ անոր ունեցած վաստակը` ընդգծելով նաեւ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը «Քարտ Հասան» ընկերութեան հիմնադրութեան եւ անոր օրէնքներու մշակումին մէջ:
Ան կոչ ուղղեց բոլորին ստեղծելու «Քարտ Հասան»-ի նման ընկերութիւններ, որոնք կ՛օժանդակեն ժողովուրդին` անոր ծառայութիւններ մատուցելով:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական դժուար կացութեան եւ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած ոստումներուն լոյսին տակ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ, այլ` պէտք է որդեգրել յստակ քայլեր, որոնք կացութիւնը կը մեղմացնեն:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Չինաստանին դիմելու, որպէսզի Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարէ, եւ կացութիւնը բարելաւուի:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական կացութիւնը եւ լիբանանեան դրամանիշին փրկութիւնը կարիքը ունին ամբողջական եւ իսկական ծրագիրի մը, որուն կը սպասեն բոլորը: Ան աւելցուց, որ տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու իմաստով երկխօսութեան մը չհրաւիրելը բացատրութիւն չունի:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ ամբողջ Ծոցի շրջանը դէպի Արեւելք կ՛ուղղուի` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա Չինաստանի նախագահը բազմիցս հրաւիրած է Ռիատ, եւ անոնք կը համաձայնին հարիւր միլիոնաւոր տոլարի ներդրումներու շուրջ:
«Ինչո՞ւ Լիբանանի մէջ վախ եւ դանդաղութիւն կայ այս իմաստով», հարց տուաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այս հարցը միայն վարչապետի պաշտօնակատարին մօտ չի գտնուիր, այլ` քաղաքական ուժերուն:
Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ տակաւին ջանքեր ի գործ կը դրուին այս առումով` մաղթելով, որ շրջանային համաձայնութիւնները, յատկապէս իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ այդ իմաստով: «Բայց եւ այնպէս նախագահական ընտրութիւնը ներքին լիբանանեան ճիգերով պէտք է կատարուի, իսկ արտաքին պայմանները պարզապէս այդ իմաստով մթնոլորտ կը ստեղծեն», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով հիւսիսային Պաղեստինի միջադէպին` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ այդ միջադէպը ամէն իմաստով իրարանցում ստեղծած է Իսրայէլի մէջ: Ան աւելցուց, որ շատեր անդրադարձան այս իմաստով Հըզպալլայի լռութեան` շեշտելով, որ իրենց լռութիւնը մաս կը կազմէ թշնամիին դէմ գործադրուող հոգեբանական պատերազմին: «Մեր պատասխանատուութիւնը չէ թշնամիին իրարանցումի երեւոյթները մեղմացնելը: Երբ թշնամիին ղեկավարութեան մէջ այս մակարդակի անմտութիւն կայ, ապա մեզի համար յստակ կը դառնայ, թէ այդ գոյացութեան վերջը մօտ է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի պատասխանէ Լիբանանի մէջ ոեւէ անհատի կամ շրջանի վրայ գործուելիք յարձակումի:
Իր խօսքի աւարտին, սէյիտ Նասրալլա ռամատանի առիթով բոլորին շնորհաւորութիւն յայտնեց: