Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ ունեցաւ ներքին հանդիպում մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ կառավարութեան մաս կազմելու հիմնական պատճառը Դիմադրութեան պաշտպանութիւնն է:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ փորձառութիւնը իրենց սորվեցուցած է, որ անկարելի է նախարարաց խորհուրդին մաս չկազմել:
«2006-ին տիրող քաղաքական դասալքութեան եւ կառավարութեան մէջ քինախնդրութեան մթնոլորտին պատճառով Լիբանան Իսրայէլի հետ 7 մայիսի նման համաձայնագիր մը ստորագրելու սեմին կը գտնուէր», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայութիւնը Դիմադրութիւնը պաշտպանելու համար է, նոյնիսկ եթէ զիրենք ամբաստանեն փտածներու հետ գործակցելու յանցանքով:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենց նպատակն է յաղթել, եւ պէտք է յաղթեն, որպէսզի Լիբանանի վերաբերող բոլոր գործընթացներուն ներկայ գտնուին:
«Մեր հակառակորդները ծրագիր չեն ներկայացուցած. անոնք բաւարարուած են Դիմադրութեան զէնքին, իրանեան բռնագրաւումին եւ լիբանանեան պետութեան վրայ Հըզպալլայի բանեցուցած հակակշիռին անդրադառնալով», ըսաւ ան:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նկատել տուաւ, որ այս տարուան երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական են եւ անկիւնադարձային, որովհետեւ անոնք ամէնէն վտանգաւոր ճակատամարտը կը նկատուին, եւ անոնցմէ կախեալ պիտի ըլլան յաջորդ ճակատամարտներուն արդիւնքները: «Հետեւաբար պէտք է լուրջ մօտեցում որդեգրել, քուէարկութեան մեծ համեմատութիւն արձանագրել, ինչպէս նաեւ ապահովել ո՛չ միայն կուսակցութեան թեկնածուներուն յաջողութիւնը, այլ տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ ամրապնդել մեր դաշնակիցներուն իրավիճակը», ըսաւ ան: