Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան տեղական քաղաքական իրադարձութիւններուն:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին սկիզբը խստիւ դատապարտեց Դիմադրութեան մշակոյթը տարածող կայքերը փակելու ամերիկեան բռնարարքները` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի կողմէ այդ կայքերը փակելու քայլը յաւելեալ փաստ մըն է մեր ժողովուրդին եւ աշխարհի ժողովուրդներուն համար, թէ Միացեալ Նահանգներ կը կեղծեն ժողովրդավարութիւնն ու միտքի ազատութիւնը:
Ան շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած գումակային օժանդակութիւնը կը միտի Դիմադրութեան համակիրներուն մօտ գրգռութիւններ ստեղծել:
«Մենք կը գտնուինք լիբանանցիները իրարու դէմ հրահրող ամերիկեան բացայայտ գրգռութիւններուն դիմաց, եւ կը հաստատենք, որ լիբանանեան բանակը իսկական երաշխիքն է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, Լիբանանի միասնականութեան, ինչպէս նաեւ հիմնական բաժինն է «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազին», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը արգելակողը ամերիկեան վարչակազմն է, որովհետեւ ան կը վախնայ այդ բանակէն եւ բանակին կարգախօսէն, որ կը մերժէ իսրայէլեան բռնարարքները:
«Այդ պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներ կ՛արգիլեն լիբանանեան բանակին զինումն ու հզօրացումը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակելու իմաստով Հըզպալլան ամբաստանելը զրպարտութիւն է եւ լիբանանեան հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել:
Ան հերքեց այն բոլոր յայտարարութիւնները, թէ Իրանի պահանջով Հըզպալլա կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութիւնը, մինչեւ Վիեննայի հիւլէական բանակցութիւններուն աւարտը:
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք մենք մերժեցինք վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան հրաժարականը, իսկ հրաժարականէն ետք, Հըզպալլա կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն կազմելու», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը ի զօրու է` աւելցնելով, որ 24 նախարարէ բաղկացած կառավարութեան պարագային արդէն իսկ նախարարութիւնները կուսակցութիւններուն եւ համայնքներուն բաժնուած են:
«Երեք 8-երու մասին արտայայտութիւններն ու քրիստոնեայ-սիւննի-շիի երրորդութեան մասին կատարուած մեկնաբանութիւնները անճիշդ են, որովհետեւ կառավարութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր համոզումներուն հիման վրայ կը գործէ ու կը քուէարկէ: Օրինակ` կարելի չէ Ղովմի եւ Մարատա կուսակցութեանց երեք քիրստոնեայ նախարարները նկատի ունենալ այսպէս կոչուած շիի համայնքի 8 նախարարներուն մէջ` նկատի ունենալով, որ 8-էն 5-ը շիի են: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ սիւննի համայնքին եւ քրիստոնեայ համայնքին: Օրինակ` կարելի չէ 8 քրիստոնեայ նախարարները նկատել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կամ հանրապետութեան նախագահին նախարարները, որովհետեւ բոլորը գիտեն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքը, որ ինքնուրոյն է եւ ոչ անպայման Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեցուածքն է: Օրինակ` Սաատ Հարիրին վարչապետ առաջադրելու իմաստով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն էր, մինչդեռ Ազգային ազատ հոսանքը մերժեց առաջադրել Հարիրիի թեկնածութիւնը: Ճիշդ է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հզօր Լիբանան համախմբումին մաս կը կազմէ, սակայն կառավարութեան որոշումներուն պարագային ան ինքնուրոյն կերպով կը քուէարկէ», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ անձամբ իրեն ուղղուած կոչին` սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ բնական երեւոյթ է, որ դժուար պահերուն ընթացքին ընկերը ընկերոջ փնտռէ: «Պասիլ զիս որոնեց իբրեւ ընկեր, ես ալ Նեպիհ Պըրրին որոնեցի իբրեւ ընկեր: Մենք արդէն իսկ սկսած ենք ընդառաջել Պասիլի կոչին, անոր օժանդակութեան ձեռք մեկնած ենք եւ կը պաշտպանենք իւրաքանչիւր լիբանանցի, որ իրաւունք ունի: Կառավարութեան կազմութեան առումով պիտի զօրակցին իրաւունքին: Պէտք չէ յոյսը կորսնցնել, եւ երկրին տագնապը կարելի է լուծել կազմելով կարող կառավարութիւն մը, որ պիտի կարենայ որոշումներ տալ», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Իրանէն վառելանիւթ` պենզին եւ մազութ ներածելու նախաքայլը առնուած է, եւ գումակային բոլոր դասաւորումները որդեգրուած են:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանան ներքին խաղաղութեան կարիք ունի, որպէսզի կարենայ լուծել երկրին դէմ ծառացող խնդիրներն ու տագնապները: «Դժբախտաբար սակայն, ոմանք կը փորձեն պայթեցնել երկիրը: Բանավէճերը ապարդիւն են, որովհետեւ անոնք միայն ներքին ատելութիւն կը սերմանեն: Իսկ արդեօք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն ու Մուսթաքպալ հոսանքը կը մտածե՞ն, որ մեզի դէմ արձակուած լուտանքները որեւէ ազդեցութիւն կը ձգեն մեր վրայ», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այս պայմաններուն ընթացքին որեւէ վարկաբեկիչ խօսք կրնայ սադրանք պատճառել, «իսկ եթէ ոմանք կը մտածեն, թէ սադրանքի մթնոլորտին մէջ պիտի կարենան լուծել տագնապը, ապա անոնք կը սխալին եւ երկիրը կը քանդեն», եզրափակեց ան: