Վիրաւոր մարտիկի օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ ոմանք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնելու», ընդգծեց Նասրալլա: «Կարելի չէ տնտեսական տագնապին եւ տոլարի արժէքի բարձրացումին պատճառաբանութեամբ, ինչպէս նաեւ շուկային մէջ սննդեղէնի տագնապին պատճառը օգտագործելով ոմանք մղուին քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնելու», ընդգծեց Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա, որ անդրադարձաւ շրջանային իրադարձութիւններու, նշեց, որ ներկայիս Լիբանան կը գտնուի ազգային իսկական տագնապի մէջ` տնտեսական, ընկերային, ելեւմտական եւ քաղաքական բնագաւառներուն մէջ: «Ոմանք կը ջանան քաղաքացիական պատերազմ սադրել, սակայն անոնք պէտք է Դիմադրութեան դիմաց ձախողին, որ նման քայլի մը դիմեն: Քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնելու ծրագիրը տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունէր, սակայն այդ ծրագիրը կարելի եղաւ ձախողեցնել», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ արտաքին եւ ներքին ուժեր կը փափաքին քաղաքացիական պատերազմ մը սկսիլ, «սակայն կը հաստատենք, որ Հըզպալլա իր զէնքին պիտի չդիմէ` կառավարութիւն կազմելու, կամ տնտեսական-ելեւմտական հարց մը լուծելու, եւ կամ պետութեան մէջ բարեկարգում կատարելու», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ոմանք կ՛աշխատին հաշիւներ մաքրելու ուղղութեամբ եւ ոչ տագնապներու լուծումներ գտնելու նպատակով: «Տագնապներուն պատճառներն են` գործադրուած ելեւմտական քաղաքականութիւնները, արդիւնաբեր մարզերու հարուածումը, ինչպէս` երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերը, 1990-ականներու շրջանին մէջ գոյացած քաղաքական համաձայնութեան վրայ գրաւ դնելը, տոկոսով վարկեր ստանալու քաղաքականութիւնը, փտածութիւնը, մսխումը, քաղաքական եւ համայնքային քաշքշուքները, իսրայէլեան իրերայաջորդ պատերազմները, հարաւային Լիբանանի եւ Արեւմտեան Պեքաայի մէջ տիրող իսրայէլեան բռնագրաւումը, շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրները եւ մղած պատերազմները, յատկապէս` Սուրիոյ դէմ մղուած համաշխարհային պատերազմը, գումարներու իւրացումն ու անոնց դուրս փոխանցումը, դրամատուներուն մէջ լիբանանցիներու գումարներուն սառեցումը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, 17 հոկտեմբերի շարժումէն ետք արձանագրուած լարուածութիւնն ու ցնցումները, քաղաքական վարչակարգի բացերը, ինչպէս նաեւ այլ պատճառներ», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ եթէ այս պատճառներէն մէկուն վրայ կեդրոնանանք եւ միւսները անտեսենք, ապա ոչ մէկ արդիւնքի կրնանք հասնիլ: «Այս բոլոր պատճառներուն հետ Հըզպալլայի զէնքը ինչպէ՞ս կ՛առնչուի», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ կը փափաքինք լուծումներու յանգիլ, ապա երկիրը յուզող տագնապներուն պատճառները պէտք է լուծենք:
«Պէտք չէ յուսահատիլ, միաժամանակ պէտք չէ ցնորքի տրուիլ, որովհետեւ տասնամեակներու տագնապները մէկ կամ երկու տարուան ընթացքին կարելի չէ լուծել: Կարելի չէ ժողովուրդը խաբել եւ համոզել զայն, թէ կառավարութեան կազմութեամբ կարելի պիտի ըլլայ երկրին դիմագրաւած տագնապներուն լուծումը, ընդհակառակն` մենք կարիքը ունինք ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգումի ամբողջական համակարգի մը», յայտնեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլա դիւրութիւններ տրամադրած է` աւելցնելով, որ եթէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ երկուշաբթի օր համաձայնին անկուսակցական մասնագէտներու կառավարութեան մը շուրջ, ապա Հըզպալլա համաձայն պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, ան հարցականի տակ առաւ մասնագէտներու կառավարութեան մը կողմէ անկիւնադարձային որոշումներ տալու կարելիութիւնը` խորհուրդ տալով վարչապետ Հարիրիին կազմելու այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կրնայ պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ երկրին տագնապներուն լուծման ծանր բեռը կիսել վարչապետին հետ:
Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Հարիրիին վերատեսութեան ենթարկելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը կազմելու իր որոշումը եւ ուղղուելու քաղաքական-մասնագիտական բնոյթի կառավարութեան մը` տոկալ եւ ստանձնել կարենալու երկրին պատասխանատուութիւնը:
Ան նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը Լիբանանին օժանդակութիւններ չէ, որ կը տրամադրէ, այլ վարկեր, որոնց ընդմէջէն ան լիբանանցիներուն վրայ նախապայմաններ կը պարտադրէ: «Այդ ֆոնտին պարտադրած նախապայմաններէն է, որ տարրական կարիքներուն պարագային, լիբանանեան պետութիւնը քաղաքացիներուն տրամադրած իր նպաստը կասեցնէ: Արդեօք լիբանանցիները պիտի կարենա՞ն գործադրել Միջազգային դրամական ֆոնտին նախապայմանները», հարց տուաւ ան:
Սէյիտ նասրալլա շեշտեց, որ եթէ կարելի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել, ապա պէտք է ընթացիկ հարցերու կառավարութեան` Հասսան Տիապի կառավարութեան իրաւասութիւնները ընդարձակել եւ ներկայ կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնել:
Ամերիկեան տոլարի արժէքի բարձրացումին մէջ հիմնական պատասխանատուութիւն ունի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: «Սալամէի իրաւասութիւններն ու յարաբերութիւնները կ՛արտօնեն, որ ան արգիլէ ամերիկեան տոլարի արժէքին բարձրացումը եւ պաշտպանէ լիբանանեան դրամանիշը», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով ճամբաները փակելու քայլերուն` սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց այդ քայլերը` շեշտելով, որ անոնք պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ անօթի մնան ու մահանան: «Ճամբաները փակելով ո՛չ մէկը կարելի է կշտացնել, ո՛չ աշխատանք ապահովել եւ ո՛չ ալ ապահովութիւն պարտադրել: Ապահովութեան ուժերն ու լիբանանեան բանակը պէտք է վերաբանան ճամբաները եւ արգիլեն փողոցները փակելու քայլերը: Այս իմաստով կարգ մը դեսպանատուներ ճնշում կը բանեցնեն բանակին վրայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ տարբեր միջոցներով կարելի չըլլայ վերջ տալ փողոցները փակելու երեւոյթին, ապա հարցին քննարկումը պիտի շարունակուի: