Իմամ Հիւսէյնի նահատակութեան 40 օրուան առիթով Պաալպեքի մէջ կազմակերպուած սգահանդէսի մը ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ օր արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ յատկապէս ծովային սահմանագծումի հարցին: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը գտնուի ոսկեայ առիթի մը դիմաց` աւելցնելով, որ այդ առիթը կրնայ անկրկնելի ըլլալ:
«Ասիկա մեր միակ առիթն է, որպէսզի Լիբանան կարենայ նաւթ ու կազ արտահանել` լուծելու համար իր տնտեսական, ապրուստի եւ կենցաղային տագնապները», ըսաւ ան:
Քարիշի հանքէն նաւթ ու կազ արտահանելու աշխատանքը յետաձգելու մասին խօսելով, սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ անոր յետաձգումին պատճառները կարեւոր չեն, «այլ կարեւորը այն է, որ Քարիշի հանքէն կազի ու նաւթի արտահանումը չկատարուի նախքան ծովային սահմանագծումը, որովհետեւ Քարիշը վիճելի հանք է: Հետեւաբար մենք պիտի չարտօնենք Քարիշի հանքէն կազի ու նաւթի արտահանումը, մինչեւ որ Լիբանան իր արդար իրաւունքները ստանայ», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլին կատարած բոլոր սպառնալիքները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին իրենց վրայ: «Հըզպալլա լրջօրէն կը հետեւի լիբանանեան պետութեան վարած բանակցութիւններուն` իր աչքերն եւ հրթիռները պահելով Քարիշի վրայ», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ նաեւ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն վերաբերող վերջին որոշումը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն է: «Յստակ է, թէ նման որոշում ընդունողը կա՛մ անգէտ է, կա՛մ ալ մեղսակից, որովհետեւ այս որոշումը հարաւային Լիթանիի մէջ հսկայ վտանգներու դուռ կը բանայ եւ բնաւ Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա մաղթեց, որ մօտիկ ապագային հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը կարենան նոր կառավարութիւն մը կազմել` նկատի ունենալով կառավարութեան գոյութեան անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց, որ պէտք չէ հասնինք այնպիսի փուլի մը, որ նախագահական աթոռը թափուր մնայ, եւ մենք ունենանք ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն:
«Պատասխանատուութիւնը կ՛ենթադրէ, որ բոլոր կողմերը զիջին, որպէսզի կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմել», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան հաստատեց նաեւ նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին կատարելու կարեւորութիւնը` զօրակցութիւն յայտնելով այն կոչերուն, որոնք կը թելադրեն համախոհութեամբ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ Սապրա Շաթիլայի գաղթակայաններու ջարդին` շեշտելով, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, որ իսրայէլացիները գործած են այդ սպանդը, «սակայն անիկա գործուած է լիբանանեան որոշ ուժերու մեղսակցութեամբ», հաստատեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ «վերջերս կը լսուի հետեւեալ յանկերգը. «Դուք ձեր Լիբանանը ունիք, մենք` մեր Լիբանանը»: Սապրայի եւ Շաթիլայի սպանդը գործողներուն կ՛ըսենք, որ այդ արարքը ձեր Լիբանանին մէկ բաժինն է, ձեր ձեռքերուն գործած արարքներուն մէկ մասը: Այս է ձեր իսկական պատկերը»:
Ան նշեց, որ մահուան մշակոյթը Սապրա-Շաթիլայի սպանդը գործելն է, իսկ կեանքի մշակոյթը կը պատկանի անոնց, որոնք ազատագրեցին հարաւային Լիբանանը եւ սահմանային փշաթելերը քանդեցին ու ներս մուտք գործեցին առանց հաւ մը սպաննելու:
Նշենք, որ շաբաթավերջին սէյիտ Նասրալլա ընդունեց Ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու լիբանանցիները մտահոգող շարք մը թղթածրարներ: