Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի հրաւէրով, պաշտօնական այցելութեամբ Փեքին մեկնեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեա պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Այցելութեան ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ Չինաստանի կեդրոնական ռազմական խորհուրդի նախագահի տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Սույ Ցիլեանի, Չինաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Չան Վանցիւանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց յատուկ նշանակութեան ռազմական շրջաններ, տարբեր զօրամասեր, ինչպէս նաեւ ռազմարդիւնաբերութեան խոշոր ձեռնարկութիւններ: