ԱՆԳԱՐԱ․- Թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Սէուտական Արաբիա այս ուսումնական տարեշրջանի աւարտին պիտի փակէ թրքական ութ դպրոցներ։ Այս որոշումը Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան տեղեկացուցած են Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները։
Ըստ գործակալութեան՝ ութ դպրոցներուն մէջ կը սորվին 2256 աշակերտներ։ Նախապէս թագաւորութեան մէջ փակուած են 26 թրքական դպրոցներ։
Այս հանգամանքը խորացուց երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ լարուած յարաբերութիւնները։
Յիշեցնենք, թէ թագաւորութեան մէջ նաեւ պոյքոթ յայտարարուած էր թրքական ապրանքներու դէմ։