ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բեմադրիչ Ճօ Պերլինկըրի պատրաստած վաւերագրական ֆիլմը՝ «Intent to Destroy: Death, Denial & Depiction» («Քանդելու Մտադրութիւն. Մահ, Ուրացում Եւ Ներկայացում») խորագիրով, վերջերս գնուած է «Սթարզ» կայանին կողմէ՝ շարք մը այլ վաւերագրական ֆիլմերու կողքին։
Կայանի տնօրէնութիւնը որոշած է այս ֆիլմը առաջին անգամ ցուցադրել Ապրիլ 23ին, որմէ ետք անիկա պարբերաբար պիտի ցուցադրուի։
Յիշեցնենք, որ ֆիլմը համաձայնութիւն գոյացուցած էր «Theatrical On Demand» ծրագիրին հետ, որ առիթ կ՛ընծայէ ֆիլմը միայն մէկ գիշերուան համար ցուցադրելու՝ շարք մը քաղաքներու մէջ:
Անցեալ տարի հրապարակ իջած այս ֆիլմը ցարդ ցուցադրուած է Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Պոսթընի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի շարժապատկերի սրահներուն մէջ: Ֆիլմը ծնունդ առած է «Խոստումը» շարժապատկերի արտադրութեան օրերուն, երբ Պերլինկըր ոչ միայն վաւերագրած է ֆիլմը եւ անոր նիւթը, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին զրոյցներ ունեցած է շարք մը մտաւորականներու, պատմաբաններու եւ արուեստագէտներու հետ: