«Մենք կը տեսնենք ազրպէյճանական կողմի մտադրութիւնը` փակելու Լաչինի միջանցքը», յայտարարած է Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի միացեալ նիստին եւ 15-րդ լիագումար նիստին:
«Լաչինի միջանցքը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն կենսապահովման համար մարդասիրական նշանակութեան միակ լիարժէք ճամբան է», շեշտած է Ալեն Սիմոնեան` անդրադառնալով երեք օր առաջ պատահած միջադէպին, երբ Պաքուն, ինչպէս ինքը հաղորդեց, մասնագէտներու խումբ ուղարկած էր խաղաղապահներու տեղակայման վայր` «հետաքննելու եւ վերահսկելու այդտեղ օգտակար հանածոներու ապօրինի շահագործումն ու այդ գործունէութեան բնապահպանական հետեւանքները»:
Երեւանի համար սկզբունքային է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիի հաստատումը, ելոյթին մէջ ըսած է Ալեն Սիմոնեան` ընդգծելով, որ վերջին նիստէն ի վեր Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակը աւելի վատթարացած է, տեղի կ՛ունենան իրադարձութիւններ, որոնք կը խաթարեն կայունութիւնն ու շրջանային անվտանգութիւնը:
Ան մանրամասնած է սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժած ազրպէյճանական զինուժի իրականացուցած ռազմական գործողութիւնները` յիշեցնելով, որ նախայարձակումի նոր փուլին ազրպէյճանցիները բռնագրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն որոշակի հատուածներ:
Պաշտօնական Պաքուի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, ըստ Ազգային ժողովի նախագահին, կը վկայէ Ազրպէյճանի հետագայ ծաւալապաշտական նկրտումներուն մասին: «Այս բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանի համար չափազանց կարեւոր էր ՀԱՊԿ-ի մէջ մեր գործընկերներու ռազմական եւ քաղաքական աջակցութիւնը», աւելցուցած է ան:
Խորհրդարանի ղեկավարը հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանը երբեք ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու մասին յայտարարութիւն չէ կատարած, այլ ըսուած է, որ ՀԱՊԿ-ը կը լքէ շրջանը, եւ ասկէ մտահոգուած են երկրին մէջ: