ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ այս տարուան ֆրանսական հեղինակաւոր «Մոլիէր» թատերական մրցանակաբաշխութեան, որտեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 յունիսին, Սիմոն Աբգարեան արժանացաւ երեք «Մոլիէր»ներու:
«Սիմոն Աբգարեանի համար ասիկա մեծ իրագործում է։ Մրցանակնեը ցոյց կու տան, որ ան ոչ միայն գերազանց դերասան է, այլ նաեւ թատերախումբի ղեկավար եւ իսկական գրող է», կը գրէ «Francetvinfo»ն:
Սիմոն Աբգարեան ծնած է 1962-ին, Փարիզ: 1983-85 յաճախած է Փարիզի դերասանական արուեստի միջազգային դպրոցը: 1993-ին, կնոջ` դերասանուհի եւ բեմադրիչ Քաթրին Շաուպի հետ Փարիզի մէջ հիմնած է «T.E.R.A.» թատրոնը, որ բեմադրած է դասական եւ ժամանակակից ներկայացումներ: 2009-ին կատարած է Միսակ Մանուշեանի դերը Ռ.Կէտիկեանի «Յանցագործներու Բանակ» ֆիլմին մէջ: Դերեր ստանձնած է նաեւ «Արարատ» (2002), «Ճշմարտութիւն Չարլիի Մասին» (2002), «Արամ» (2002), «Այո՛» (2004), «Քազինօ Ռոյալ» (2006), «Փերսեփոլիս» (2007), «Օձը» (2007), «Թարգմանութիւն» (2007), «Շիվա» (2008), «Կատաղութիւն» (2009), «Թուրքի Գլուխ» (2010), «1915» (2015թ.) եւ այլ ֆիլմերու մէջ: Ան դերեր ստանձնած է նաեւ պատկերասփիւռի բազմաթիւ յայտագիրներու մէջ: 2001-ին, «Հրէշը Լուսինի Վրայ» ներկայացման համար եւս ան արժանացած է մրցանակի: