Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Եկ պատուաստենք պտղուն ծառերը բոլոր
Միրքի տարբեր՝ Սիրոյ Միրքի պատուաստով,
Թող անցորդներ համտեսելով երբ երթան
Փառք տան, որ ալ Սիրոյ Գարունը գտան …
Եկ սերմանենք ափ-ափ հատիկ ցորենի
Թող շատանայ հունձքը ատոք հասկերու
Ու խնճոյքին թեւաթափի երնումին
Թող կապոյտէն Սիրոյ Գարուն սփռուի …
Եկ երգելով գարնան սարեր այցելենք
Ու պարելով մանկութիւնը մեր տօնենք,
Այդ սարերէն այդ մանկութեան գարունէն
Մեր բոլորին Կանաչ Օրեր ետ բերենք …
Ո՜հ երանի ձեռք մ’ալ բարի տաք ինծի
Ու վարդերով թակենք դռները մէկ-մէկ
Վա՛րդ հոն ձգենք, որ տնեցիք երբ տեսնեն
Գարունն ըսեն մեր տուներուն է հասեր …
Ի՜նչ անուշ է երբ տունէ տուն գարուն է …
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան