ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք».- Ամերիկահայ նշանաւոր նկարչուհի եւ «Սիրուն Տառեր» ստեղծագործութեան հեղինակ Սիրուն Երէցեանի հիմնադրած «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ, արուետագէտին յանձնուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանը:
«Լու Կերիկ» ախտին (ALS) հետեւանքով սայլակով տեղափոխուելու պարտադրուած եւ խօսելու ունակութիւնը կորսնցուցած նկարչուհին յուզուած է Հայաստանէն ստանալով նման գնահատանք, որ արուեստագէտին շնորհուած է հայկական մանրանկարչական արուեստին մէջ ներդրած իր նշանակալի աւանդին համար:
Շքանշանը անուանի նկարչուհիին յանձնուած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեանի ձեռամբ:
Այս առիթով, Սիրուն Երէցեանի որդին Հայաստանի հիւպատոսութեան նուիրած է իր մօր ստեղծագործութիւններէն մէկը:
Մանրանկարչուհի Սիրուն Երէցեան ծնած է 1951ին, Պէյրութ: Ան ստացած է նկարչութեան մասնագիտական կրթութիւն եւ հեղինակ է երեք հատորներու: Ան հեղինակն է Սփիւռքի մէջ հանրայայտ՝ «Սիրուն Տառեր» գործին, որ հայոց այբուբենի գեղարուեստական նկարազարդումներով ներկայացում մըն է։ Ան արժանացած է նաեւ «Սիրամարգէ տիկինը», կոչումին, իր արուեստին մէջ յաճախ սիրամարգներ նկարելուն համար:
Սիրուն Երէցեանի հայոց այբուբենի մանրանկարչական ձեւաւորումները բազմիցս ցուցադրուած են նշանաւոր ցուցասրահներու մէջ, արժանանալով գնահատանքի:
Հոկտեմբեր 2015ին, «Լու Կերիկ» հիւանդութեան դէմ պայքարին մէջ անոր նեցուկ կանգնելու համար կազմուած խումբը մասնակցած էր Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած քայլարշաւ-դրամահաւաքին, որուն մասնակցած է նաեւ Սիրուն Երէցեան:
Հակառակ անոր որ Երէցեանի մօտ 2012ին սկսած էին տեսնուելու «Լու Կերիկ» հիւանդութեան ախտանշանները, ան մինչեւ այսօր կը շարունակէ ստեղծագործել: