Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Անցնող շաբաթավերջին Պէյրութի կեդրոնը խաղաղ ցոյցերով սկսած եւ խուլիկանութեամբ վերջ գտած պատկերները բաւական մտահոգիչ իրավիճակ մը պարզեցին:
Կ՛ըսուի, որ Թրիփոլիէն թրքական գաղտնի սպասարկութեան եւ անոնց հսկողութեամբ գործող շարժումներն են գլխաւորաբար այդ իրավիճակը ստեղծողը:
Ո՞վ է շահաւորը այս իրավիճակէն: Ինչո՞ւ այսքան խուլիկանութիւն: Ինչո՞ւ այդ աստիճանի կիրք եւ հակազդեցութիւն:
Ի՞նչը կ՛արգիլէ խաղաղ ցոյցերով եւ քաղաքակիրթ կերպով շարունակել պահանջներ ներկայացնել:
Ինչո՞ւ լուսարձակի տակ չառնուեցաւ նոյնինքն խաղաղ ցոյցերու կազմակերպիչներու կողմէ, թէ որո՛նք էին շաբաթ օրուան տակնուվրայութեան պատասխանատուները:
Միւս կողմէ` ինչո՞ւ ներքին ապահովական ուժերը, բանակը, գաղտնի սպասարկութիւնները չեն բացայայտեր այս դէպքերու հովանաւոր կողմերը:
Ինչ որ պատահեցաւ Պէյրութի կեդրոնին մէջ, ոչ մէկ համայնքի դէմ է: Ո՛չ սիւննիները վարկաբեկելու, ո՛չ ալ շիիները ներգրաւելու, այլ Լիբանանի համակեցութիւնը հարուածելու ճիգ է:
Ինչո՞ւ այսքան բարբարոսութիւն` մայրաքաղաքի հաստատութիւններուն դէմ:
Ինչո՞ւ այսքան վայրագ վերաբերմունք` պետական մարմիններուն դէմ:
Բոլորս ալ, բնականաբար, անհանդուրժող ենք եղած անարդարութիւններուն, պետական շահագործումներուն, գողութիւններուն, փտածութեան եւ մանաւանդ իշխանութեան անկարողութեան դէմ: Բայց ոչ ոք այս քայլերուն հետ է: Ոչ ոք կրնայ առանց ընդվզումի դիտել շաբաթ գիշերուան պատահածները:
Լիբանանը ո՛չ Իրաք է, ո՛չ Լիպիա, ո՛չ ալ Սուրիա:
Լիբանանը իր ինքնուրոյն համակեցութեան գաղտնիքը ունի:
Լիբանանը եւ լիբանանցիները որոշած են չվերադառնալ եղբայրասպան կռիւներու:
Ամէնէն կարեւորը` Լիբանանը քաղաքակիրթ եւ ինքնիշխան մնալու ճիգի մէջ պէտք է ըլլայ:
Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ կրօնական, թէ՛ դիւանագիտական շրջանակները սկսած են կամաց-կամաց իրենց ցոյցերը դուրսի հետ կապել:
Պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ ո՛չ ոք Լիբանանի համար կ՛աշխատի, բոլորն ալ իրենց տնտեսական, շրջանային, ռազմավարական եւ դիւանագիտական շահերէն մեկնած կը գործեն:
Մանաւանդ Միացեալ Նահանգները ունին գործի մը սկսելու եւ կէս ճամբէն միտքը փոխելու նախընթացները, ինչո՞ւ չէ` այսօր ալ նոյնը կրնայ կրկնել:
Վերջապէս, պէտք է շեշտել եւ ընդգծել, որ թրքական գործօնի ներկայութիւնը ընդհանրապէս Սուրիայէն, Իրաքէն, Կիպրոսէն, Լիպիայէն եւ անցնող շաբաթավերջին Պէյրութի կեդրոնի մէջ բաւական մտահոգիչ եւ մութ ծրագիրներու հետապնդման կը ծառայեն:
Մեզի համար անընդունելի է եւ դատապարտելի` նման երեւոյթներու թափանցումը:
Մեզի համար դատապարտելի է, որ պետական մակարդակով լուռ ականատեսի վիճակ մը կը պարզէ:
Մեզի համար կրկնակի հարուած է Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ինքնուրոյնութեան:
Բոլորս պատրա՛ստ պէտք է ըլլանք: