Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը կը շարունակէ հրատարակել “Մեսրոպեան Լրաբեր”ը, այսուհետեւ՝ առցանց, թուային: Համացանցի վրայ անոր հասցէն է www.mesrobianlraper.weebly.com , Դիմատետրի վրայ՝ facebook.com/mesrobianlraper :
“Լրաբեր”ը 2001 թուականի Նոյեմբերին սկսաւ լոյս տեսնել տպագիր ձեւով եւ այդպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 2014 թուականի դպրոցական տարեշրջանի աւարտը, կատարելով իրեն սահմանուած տեղեկատուական եւ կրթական գործառոյթները լաւագոյն կերպով: 14 տարուայ ընթացքին հրատարակուեցան 103 համարներ, ընդհանուրը մօտ 100 հազար տպաքանակով:
Պարբերաթերթը տեղափոխելով թուային հրատարակութեան տարածք, խմբագրութիւնը կը միտի երկար շարք մը խնդիրներ լուծել, որուն հնարաւորութիւնը համացանցն է, որ կը պարգեւէ: Այսպէս, հաղորդակցութեան այս միջոցին շնորհիւ, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները հասանելի պիտի ըլլան ընթերցողներու եւ հետեւողներու աւելի լայն շրջանակի մը: Առցանց “Լրաբեր”ը համարկուած է ընկերային հաղորդակցութեան կայքէջերուն, որուն շնորհիւ անոր նիւթերուն տարածումն է, որ աւելի պիտի դիւրանայ: Առաւել, այս տարածքը հնարաւորութիւն կու տայ, որ գրութեան կողքին աւելնան ձայնը, վիտէոն եւ թուային այլ գործիքներ, որպէս արտայայտութեան ձեւ եւ միջոց:
Առցանց “Մեսրոպեան Լրաբեր”ը պիտի պարունակէ բացառապէս աշակերտական ստեղծագործութիւններ: Աշակերտները այնտեղ պիտի հրապարակեն իրենց գրական եւ գեղարուեստական գործերը, ուսումնասիրութիւնները, երգ ու պարի ելոյթները: Համացանցի տարածքը անսահման է. Մեսրոպեանի աշակերտները զայն կ՛ուզեն նուաճել յանուն հայ գիրին, հայ մտքին, հայ երգին, հայ պարին եւ պատանեկան իրենց ձիրքերուն:
Առցանց “Մեսրոպեան Լրաբեր”ի համակարգող խմբագիրն է պրն. Վարդան Թաշճեան: